2011-04-14 13:16:03

Էլէն Գրիգորեան Ծանրաբարձութեան Եւրոպայի Փոխ-Ախոյեան։


Թաթարստանի մայրաքաղաք Քազանի մէջ կը շարունակուին տեղի ունենալ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումները:
Աղջկանց 53 քկ դասակարգին մէջ Էլեն Գրիգորեան` ընդամէնը բարձրացնելով 195 քկ հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան: Պէտք է նշել, որ ան յաջողեցաւ բաւական լաւ եւ տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրել:
Այս դասակարգին մէջ ախոյեան հանդիսացաւ Այլին Դաշտելեն (Թուրքիա), որ բարձրացուց 202 քկ:
Միւս կողմէ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 2011-ի ախոյեանութեան մրցումներուն առաջին օրը, 56 քկ դասակարգին մէջ, Սմբատ Մարգարեան, Հայաստանին ապահովեց առաջին մետալը: 18 տարեկան ծանրաբարձը, որ նախորդ ախոյեանութեան տիրացած էր արծաթ մետալին, այս ախոյեանութեան տիրացաւ պրոնզ մետալի:








All the contents on this site are copyrighted ©.