2011-04-13 12:22:40

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը` Սուրբերու Դերը Եկեղեցւոյ Մէջ Նիւթին Մասին։


Չորեքշաբթի 13 ապրիլ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու, խմբուած ս. Պետրոսի հրապարակը։
Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Սուրբերու դերը եկեղեցւոյ մէջ նիւթին մասին, խօսեցաւ ''ամէն քրիստոնեայ կանչուած է սրբութեան'' նիւթին մասին։

Սիրեցեալ Եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, բազմաթիւ սուրբեր եւ սրբուհիներ ներկայցնելու աւարտին, նախաորդ ունկնդրութիւններուն, այսօր իմ խորհրդածութիւնս կ'ուզեմ կեդրոնացնել քրիստոնեական սրբութեան մասին։
Ի՞նչ է սրբութիւնը հարց տուաւ Սրբազան հայրը։ Սրբութիւնը միութիւն է ու նմանութիւն է Քրիստոսի, խորացում մը մկրտութեան շնորհքին ու զատկական խորհուրդին։ Սրբութիւնը պտուղը չէ մեր տածած ջանքին։ Աստուած մեզ կը սրբացնէ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ ու Յարուցեալ Քրիստոսի կեանքի շնորհքով։ Սէրը սրբութեան հոգին է։ Սէրը կ'աճի եւ պտուղներ կ'արտադրէ կնքուածին մէջ, Աստուծոյ խօսքը անսալով, ս. խորհրդներու յաճախակի մերձեցումով եւ յատկապէս ամենասուրբ Հաղորդութեան, միշտատեւ աղօթելով, ինքնուռացումով, եղբայրներուն ծառայելով եւ առաքինութիւնները գործադրելով։
Սրբութիւնը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ լիովին ապրուած եղբայրսիրութիւն։
Սիրելիներ, մենք ամէնքս կանչուած ենք սրբութեան, իւրաքանչիւրը իր կեանքի պայմանի մէջ։ Ամէնքս կանչուած ենք սրբութեան, մեծ թէ պզտիկ, կղերական թէ աշխարհական, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը աստուածային շնորհքներ ընդունած է։ Աստուած մեզմէ կը խնդրէ որ ընդունինք այդ շնորհքը ու ապրիլ անոր պահանջքին համաձայն։ Թող տանք որ բարեփոխուինք Սուրբ Հոգւոյ ներգործութեամբ, որպէսզի կարենանք ապրիլ իր կամքին համաձայն։ Սուրբերը ճանչնալով, մենք եւս դառնանք մէկ կտուրը սրբութեան մեծ խճանկարին, որ Աստուած ստեղծեց պատմութեան մէջ։

Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը տալէ, զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները եւ հրաւիեց զանոնք իրենց բոլոր կեանքին ընթացքին ցոլացնելու յարուցեալ Քրիստոսի դիմագիծը։ Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի պատրաստութիւն Աւագ Շաբաթուան ու Քրիստոսի սուրբ Յարութեան։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանադներուն եւ նորապսակեալներուն հրաւիրելով զանոնք յանձնառումով ապրին իրենց հոգեւոր կեանքը ի պատրաստութիւն Քրիստոսւի փառաւոր յարութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.