2011-04-13 12:39:23

Թուրքիոյ Իշխող ու Նաեւ Ընդդիմադիր Կուսակցութիւնները Իրենց Ընտրացանկերէն Դուրս կը Ձգեն Հայ Թեկնածուները։


Թրքական մամուլը հրապարակեց 12 յունիսին նախատեսուած Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պատրաստուող կուսակցութիւններու ընտրացանկերը:
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդի, Ազգայնական Շարժում ու Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւններու ընտրացանկերուն վրայ կը բացակային բոլոր այն հայ հաւանական թեկնածուներու անունները, որոնք, ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, վերոնշեալ կուսակցութիւններուն կողմէ պիտի առաջադրուէին:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան 550 թեկնածուներէն բաղկացած ընտրացուցակին մէջ չեն ընդգրկուած պոլսահայ համայնքը ներկայացնող Մելքոն Քարաքէօսէի, Թադէոս Պեպեքի, «Թարաֆ» օրաթերթի յօդուածագիր Մարգար Եսայեանի, Ճերի Խրիմեանի, Պոլսոյ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, մեծահարուստ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Հերման Պալեանի անունները, որոնք հաւանական թեկնածուներու շարքին մէջ շրջանառութեան դրուած էին: Էրտողան իր կուսակցութեան ընտրացանկէն դուրս ձգած է նաեւ իր կուսակից 148 երեսփոխանները։
Իսկ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի ղեկավարած Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութիւնը իր ընտրացանկին վրայ տեղ չէ տուած Արեւ Ճեպեճիին: Գալով Տեւլեթ Պահչելիի ղեկավարած Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան ընտրացանկին վրայ եղած Կարապետեանի անունը այժմ չկայ:
Քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը իր կարգին երկարատեւ քննարկումներէ ետք որոշած է չաջակցիլ անկախ հայ թեկնածու Իշխան Օհանեանի թեկնածութեան:
Ընտրութեան կը մասնակցին 18 կուսակցութիւններ:







All the contents on this site are copyrighted ©.