2011-04-13 12:35:46

Ատրպէյճանի Խորհրդարանը Կը Քննադատէ Պաքուի Մօտ Ամերիկայի Դեսպանը՜Մեթիու Պրայզա։


Ապրիլ 8ին Ատրպէյճանի խորհրդարանը քննած է «գրաւեալ» Ստեփանակերտի (ատրպէյճանցիները քաղաքը Խանքենտի կը կոչեն) մէջ միջազգային օդակայան բանալու հարցը՝ հասնելով այն եզրակացութեան, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները յարմար հակադարձութիւն ցուցաբերած են այս հարցին:
Միաժամանակ, խորհրդարանը քննադատած է այս հարցով Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզայի որդեգրած դիրքորոշում՝ զայն հայամէտ նկատելով:
Խորհրդարանը անընդունելի գտած է Ստեփանակերտի ու Նախիջեւանի օդակայանները իրարու հետ համեմատելու ամերիկացի դեսպանին փորձը՝ զայն «սխալ» որակելով:
«Ան տակաւին հայամէտ տարազին մէջ կը մնայ: Մեթիու Պրայզա պէտք է աւելի ուշադիր ըլլայ իր արտայայտութիւններուն», յայտարարած է երեսփոխան Ֆայզալ Աղամալի:







All the contents on this site are copyrighted ©.