2011-04-13 12:29:41

 ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ
Լեւոն Շանթ (1869-1951).


Ապրիլ 6-ը ծննդեան տարեդարձն էՐ հայ ժողովուրդի անմահ տաղանդներէն Լեւոն Շանթի, որուն մահուան վաթսունամեակը կ՜ոգեկոչենք այս տարի։
Յատկապէս թատերական իր գործերով՝ մանաւա՛նդ կոթողական իր Հին Աստուածներով անմահացաւ Լեւոն Շանթ, որ սոսկ թատերագիր մը չեղաւ սակայն, այլ՝ իր թատրերգութեանց մէջ անգամ բառին ամբողջական իմաստով բանաստեղծ մնաց։

Բազմաշնորհ ու բազմավաստակ դէմք է Շանթ եւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան մէջ յաւիտենական իր բարձունքը նուաճած է իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ տաղանդաշատ գրագէտը, ներհուն մտաւորականը, անձնուէր հասարակական գործիչը եւ սերնդակերտ մանկավարժը միաձուլող ու արժանաւորապէս մարմնաւորող Մեծ Մարդ եւ Մեծ Հայ։
Լեւոն Շանթ նաեւ ու յատկապէս իր աշխարհայեացքով եղաւ ամբողջական անհատականութեան մը եւ մեծադիր ԵՍի մը ճառագայթող խտացումը, որ իր անձին, կեանքին ու գործին առինքնող օրինակով յաւերժացուց հայ ժողովուրդի Ազգային Ինքնութեան վսեմաշուք ԵՍը։
Ինքնազարգացման եւ ինքնակատարելագործման մնայուն ձգտումը, իբրեւ իր ողջ էութիւնը տոչորող ներքին կրակ, հանդիսացաւ շարժիչ ուժը եւ անխոնջ աշխատանքի կենարար աղբիւրը Շանթի ողջ կեանքին, անոր ստեղծագործական թէ հասարակական գործունէութեան։
Գորգավաճառ Նահապետեան Սեղբոսի զաւակն էր Լեւոն եւ հօր անունով կոչուեցաւ Սեղբոսեան։ 6 Ապրիլ 1869ին ծնաւ Պոլիս եւ Սկիւտարի հայկական վարժարանին մէջ ստցաւ իր նախնական կրթութիւնը։ Մանուկ տարիքին որբացաւ նախ հօրմէ եւ, ապա, մօրմէ։ Ուսումը շարունակելու համար ուղարկուեցաւ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, որուն մուտքի քննութեանց մէջ յաջողելով՝ եօթը տարի մտքով ու նկարագրով թրծուեցաւ Ճեմարանի հայաշունչ եւ հոգեմտաւոր արժէքներով յագեցած մթնոլորտին մէջ։ Այդպէ՛ս սկսաւ ամբողջական մարդու եւ ամբողջական հայու ինքնազարգացման ու ինքնահաստատման անխոնջ ձգտումը Շանթի մէջ. այդ շրջանին էր, նաեւ, որ արեւմտահայու իր ծագումն ու արեւելահայու իր կազմաւորումը Շանթ միաձուլեց մէկ ու միակ շաղախի մէջ եւ մինչեւ մահ տէր կանգնեցաւ հայութեան պարտադրուած երկփեղկումը յաղթահարելու կոչումին՝ միախառն հայերէնի մը մշակումով, այլ մանաւանդ հայ ազգային միաձոյլ լեզուամտածողութեան մը զարգացումով։
Ճեմարանը աւարտելով՝ Լեւոն Սեղբոսեան վերադարձաւ Պոլիս, ուր թափով նետուեցաւ գրականստեղծագործական ասպարէզ՝ ընտրելով Շանթ գրչանունը եւ Հայրենիք թերթի էջերուն լոյս ընծայելով իր առաջին բանաստեղծութիւններն ու անմիջապէս լայն ժողովրդականութեան արժանացած իր Մնաք Բարովի Իրիկունը վիպակը։
Տարի մը Ռոտոսթոյի Ազգային վարժարանին մէջ ուսուցչութիւն ընելէ ետք, 1892ին Շանթ անցաւ Գերմանիա, ուր մինչեւ 1897 ապրեցաւ եւ Լայփցիկի ու Միւնիխի համալսարաններուն մէջ բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ՝ կեդրոնանալով մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ բնական գիտութեանց ուսումնասիրման վրայ։ Գերմանական եւ ընդհանրապէս հիւսիսիկ (nordic) հոգեկերտուածքը ամբողջապէս համապատասխան էր արդէն քսաներեք տարեկան ու Հայու իր կազմաւորումը լիարժէք հունաւորած Շանթի ներաշխարհին՝ հոգիին ու մտքին։ Գերմանական մշակոյթը եւ յատկապէս Նիցչէի, Կէօթէի եւ Վակների արուեստն ու փիլիսոփայութիւնը մեծապէս օգնեցին Շանթի, որպէսզի մշակէ եւ խորացնէ մտաւորականի իր ներքին կարգապահութիւնը, յղկէ եւ կատարելագործէ իր գեղարուեստական ու իմաստասիրական զէնքերը, որպէսզի կարենայ իր մէջի լաւագոյնն ու մարդկայնականը՝ ցեղային ու ազգային ամէնէն վաւերական եւ տիեզերական արժէքները ըստ արժանւոյն վերադարձնել հայ ժողովուրդին, յատկապէս անոր պարզ, շինական եւ բարի խաւի զաւակներուն, որոնց շարքերէն սերած էր եւ որոնց առջեւ ինքնազարգացման ու ինքնակատարելագործման ուղին հարթելու կոչումը իր միակ եւ մեծագոյն փառասիրութիւնն էր։

Այդ տարիներուն արդէն Շանթ դրսեւորած էր ընկերային յանձնառու գրողի իր նկարագիրը։ Պոլիսը իր հայ իրականութեամբ՝ իր քաղքենիութեամբ եւ եսապաշտութեամբ, հեշտամոլութեամբ եւ ազգային անտարբերութեամբ, ձաղկումի թիրախը դարձած էր հազիւ երիտասարդ Շանթի գրիչին տակ։ Իսկ Գերմանիայէն վերադարձին, Համիտեան կոտորածներուն եւ անոնց հետեւած հակահայ հալածանքի խստացման բախելով, Շանթ անցաւ Թիֆլիս, ուր շուրջ տասը տարի մնաց եւ մանկավարժական ու գրական բեղուն գործունէութիւն ծաւալեց։ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Նիկոլ Աղբալեանի հետ հռչակաւոր Վերնատուն գրական շարժումի հիմնադիրներէն եղաւ։

Ձարական իշխանութեանց կողմէ Դաշնակցութեան դէմ բացուած բուռն հալածանքի շրջանին, 1908էն ետք, երբ կովկասահայ մտաւորականութիւնը անխտիր ոստիկանական հետապնդումի ենթարկուեցաւ, ձերբակալուեցաւ ու բանտարկուեցաւ, շատերու նման Շանթ եւս ճաշակեց ցարական բռնութիւնները։ 1910ին անցաւ Եւրոպա, ապա՝ Պոլիս, ուր երեք տարի ուսուցչութիւն ըրաւ Կեդրոնական եւ Եսայեան վարժարաններուն մէջ։ 1913ին դարձեալ Եւրոպա մեկնեցաւ եւ նախախնամութիւնը օգնեց, որ թրքական պետութեան գործադրած հայասպանութեան շրջանին Պոլիսէն հեռու գտնուի։
1916ին վերադարձաւ Թիֆլիս եւ ամբողջապէս նուիրուեցաւ ազգային-քաղաքական գործունէութեան։ 1919ին ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր եւ իրեն վիճակուեցաւ, 1920ին, պոլշեւիկեան Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններ վարող Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիարկութիւնը գլխաւորելու դժուարին առաքելութիւնը։
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Լեւոն Շանթ իր կարգին անցաւ Պարսկաստան, հոնկէ՝ Ֆրանսա, ուր մինչեւ 1925 թուականը ուսուցչութիւն ըրաւ եւ գրականստեղծագործական ու հասարակականհրապարակագրական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց։ 1926ին հրաւիրուեցաւ Գահիրէ՝ Եգիպտոս, ուսուցչութեան համար, ուր վերագտաւ տարիներու իր մտերիմը՝ Նիկոլ Աղբալեանը, որուն հետ հիմը դրին Համազգային Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութեան եւ, հուսկ, միասնաբար անցան Պէյրութ՝ Լիբանան, հիմնելու համար Համազգայինի Հայ Ճեմարանը։
Այդպէ՛ս, մինչեւ իր մահը, 29 Նոյեմբեր 1951, Լեւոն Շանթ ապրեցաւ ու գործեց Պէյրութի մէջ, իբրեւ Ճեմարանի տնօրէն եւ ուսուցիչ։







All the contents on this site are copyrighted ©.