2011-04-12 13:00:38

Վատիկանի Ձայնասփիւրի Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի շաբաթական Խմբագրականը ` ''Առանց անունի ցաւ մը''։


Այս շաբթուայ խմբագրականին մէջ Ռատիօվատիկանի տնօրէնը կ՛անդրադառնայ Հիւսիսային Ափրիկէէն դէպի եւրոպական ափերը յոյսի ճամբորդութիւն կատարող ծովուն մէջ տխուր եւ դաժան կերպով մահացած բախստականներու մասին։ Հարիւրաւոր ուրիշ փախստականներ կան նաեւ - կը գրէ Լոմպարտին - որ առանց հետք ձգելու` անհետացան վերջին շրջանի ընթացքին։ Փախչիլ անօթութենէ` դաժան աղքատութենէ` բռնաբանութիւններէ` պատերազմէ` նոյնիսկ կեանքը վտանգի ենթարկելով ` ու անհետանալ առանց հետք մը թողելու եւ ոչ իսկ անունի մը յիշատակը ինչ տխուր իրականութիւն է։ Այս օրերուս կը խօսուի առանց անունի ցաւի մասին։
Մարդկային գթութիւնը մեզ կը մղէ չմոռնալու` յիշելու այնպէս ինչպէս կը յիշատակենք ուրիշ ողբերգրութիւններ` իրողութիւն մը մը որ մեզի կը պատկանի եւ մեզմէ կը պահանջէ զօրակցութեան վերաբերմունք մեր եղբայրակիցներուն հանդէպ։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածելով հրեաներու Եատ Վաշէմի յուշակոթողի դիմաց ըսած էր <<անոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին բայց երբէք իրենց անունը պիտի չմոռցուի որով յաւերժ կ՛ապրին իրենց սիրելիներուն սրտին մէջ եւ բոլոր այն մարդոց յիշողութեան մէջ որոնք որոշած են գործել որպէսզի այսպիսի արարքներ դարձեալ չպատահին։ Անոնց անունը արձանագրուած է նաեւ Աստուծոյ Գիրքին մէջ։>>

Դժբախտ բախստականներու անունը եւս թող չմատնուի մոռացութեան` թող չժխտուի անոնց յիշատակը։ Եւ ամէն բարի կամք ունեցող անձերը թող հսկեն որպէսզի այսպիսի ցաւալի ու տմարդի իրողութիւններ չմղեն անհատները իրենց կեանքով վճարելու ազատութեան ու խաղաղութեան գինը։ Արմատախիլ ընել ատելութիւնը եւ յանձնառու ըլլալ արմատախիլ ընելու անարդարութիւնները` անհոգութիւնը` անձնասիրութիւնը որ շատ անքամ կը մղեն մարդիկ անհետանալու աւելի լաւ կեանքի մը ձգտելու յոյսով։ Աստուած այս բոլորը կը յիշէ մենք եւս յիշենք եւ չմոռնանք։








All the contents on this site are copyrighted ©.