2011-04-12 12:23:31

Լեթուանիայի Նախագահի Այցելութիւնը Վատիկան Յառաջիկայ 14 Ապրիլին։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յառաջիկայ 14 ապրիլին իր գրասենեակին մէջ պիտի ընդունի Վալտիս Զաթլեր՝ Լիթուանիոյ նախագահը ։ 50 ամեայ նախագահը բժիշկ է։ Ան առանձնական խօսակցութիւն պիտի ունենայ Սրբազան Քահանայապետին հետ։ Յայտնենք թէ Լիթուանիան 1940ին, մաս կը կազմէր Խորհրդային (Սովետ) Միութեան, 1991ին վերագտաւ իր անկախութիւնը եւ 2004ին անդամ դարձաւ Եւրոպայի միութեան։
Լիթուանիոյ 2,2 միլիոն բնակչութեան 69 տոկոսը քրիստոնեայ է եւ մեծամասնութեամբ լիւտերանական եւ օրթոտոքսներ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.