2011-04-12 12:36:56

Եւրոպական Միութիւնը Անհանգիստ՝ Ազրպէյճանի Մէջ Մարդկային Իրաւանց Սահմանափակման Կապակցութեամբ։


Պաքուի մէջ Եւրոպական Միութեան գրասենեակը կը յայտնէ, որ Եւրոպական Միութիւնը հրապարակած է Ազրպէյճանի մէջ մարդկային հիմնարար ազատութիւններու իրավիճակին վերաբերող յայտարարութիւն մը: Անդրադառնալով երկրին մէջ երիտասարդ գործիչներու ձերբակալման վերաբերեալ 17 մարտի զեկուցումին` Եւրոպական Միութիւնը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ մարդու հիմնարար ազատութիւններուն նկատմամբ Ազրպէյճանի մէջ տիրող անյարգալից վերաբերմունքին գծով: Մասնաւորաբար կը նշուի, որ 2 ապրիլին խափանուած է խաղաղ հանրահաւաքը եւ մեծ թիւով ցուցարարներ ձերբակալուած:
«Մենք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք անյապաղ ազատ արձակելու ձերբակալուած անձերը: Բացի ատկէ, Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ երաշխաւորելու լրագրողներու` մասնագիտական գործունէութեամբ զբաղելու ազատութիւնը եւ անոնց համար ապահովելու անվտանգ աշխատանքային պայմաններ» ըսուած է յայտարարութեան մէջ, ինչպէս նաեւ. «Եւրոպական Միութիւնը իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ աջակցելու Ազրպէյճանի մէջ ընթացող հետագայ բարեփոխումներուն` հիմք ընդունելով ԵԱՀԿ-ի, Եւրոպական խորհուրդի եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ սահմանուած արժէքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.