2011-04-12 12:27:01

2011-ը Հայ Մանուկի Տարին (Հռչակուած Արամ Ա.Վեհափառի Կողմէ)
«Ոչ ոք իրաւունք ունի հայ մանուկը զրկելու հայ դպրոցէն», հայ մանուկին իրաւունքն է հայկական դպրոց յաճախելը:


Մանուկներու իրաւունքներու ուխտի օրուան առիթով ՀԿՄ-ի «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ, Հայկական վարժարաններէ համախմբուած բազմաթիւ փոքրիկներու ուղղելով իր խօսքը` Գեղամ արք. Խաչերեան դիտել տուաւ, որ հայոց պատմութեան ընթացքին հայ տղաքը միշտ քաջ եղած են` մեկնաբանելով ձեռնարկին կարգախօսը նկատուած «Առողջ մարմին, արթուն միտք, ազնիւ հոգի» արտայայտութեան իմաստը:
Մեծապէս գնահատելով Հայ սեւ գօտիներու միութեան անդամ մանուկներուն կողմէ ներկայացուած Քունկ ֆուի ելոյթները` առաջնորդ սրբազանը ողջոյնի եւ շնորհակալութեան խօսքեր ուղղեց օրուան հիւրերուն, յատկապէս` Մանուկներու Իրաւունքներու ազգային խորհուրդի նախագահ, լիբանանցի անուանի կին Գրագէտ Նուր Սալմանին: Դրուատելով Սալմանի գրական եւ մշակութային ներդրումները` առաջնորդ սրբազանը յիշեց նաեւ անուանի գրողին մօր` Զահիա Սալմանի օգտաշատ ներդրումը արաբական եւ յատկապէս լիբանանեան ընկերային-հասարակական մարզերուն մէջ:
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեանը թուեց մանուկներու իրաւունքները: Տէյիրմենճեան թելադրեց քաջ ըլլալ, ինքնավստահ ըլլալ եւ չծածկել կարգ մը ծնողներու յանցագործութիւնները, երբ անոնք կը փորձեն ծեծել իրենց զաւակները: «Մենք իբրեւ չափահասներ եկած ենք հաստատելու, թէ կը պաշտպանենք ձեզ: Չլռել, չընդունիլ եղած անարդարութիւնը եւ չպաշտպանել յանցագործ մայրը:
Դուք մեր ազգին ներկան ու ապագան էք, դո՛ւք պիտի ըլլաք վաղուան մեր առաջնորդները», ընդգծեց Մարալ Տեյիրմենճեան:
Իսկ Կարօ Քեպապճեան վերյիշեց տասնամեակներ առաջ մտքին մէջ սեւեռած իր երազը` Քունկ ֆուի հայկական միաւորը հիմնելու: Ան հակիրճ խօսքերով թուեց, թէ ինչպէ՛ս երկրէ երկիր շրջելով, մասնագիտանալով Քունկ ֆուի մարզին մէջ, ի վերջոյ յաջողած է հիմնել Հայ Սեւ Գօտիներու միութիւնը: «Պէտք է ըլլաք քաջ, առողջ միտքով, արթուն միտքով, բայց ազնիւ հոգիով, որովհետեւ այլապէս այդ քաջութիւնը կրնաք սխալ ու գէշ բաներու եւ նպատակներու համար գործածել», ընդգծեց Քեպապճեան` դիտել տալով, որ աշխարհ կը սիրէ հզօրները: «Տկարներն ու վախկոտները չեն սիրուիր, արթուն եղէք եւ առողջ եղէք», շեշտեց Քեպապճեան: «Ձեր հոգին երբեք ձեզ չի դաւաճաներ, պահեցէք զայն ազնիւ», հաստատեց Քեպապճեան` երանելի նկատելով այսօրուան մանուկները, որոնք կ՛ապրին ու կը տեսնեն ազատ եւ անկախ Արցախի Հանրապետութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.