2011-04-11 12:55:46

Սանդիակօ Տէ Գոմբոսդելայի Աթոռանիստ Եկեղեցին կը Յիշատակէ Օծման 8րդ Դարադարձը։


1211 ին հմնուած եւ օծուած՝ Սպանիոյ Սանդիակօ Տէ Գոմբոսդելլայի Աթոռանիստ Եկեղեցին, այս տարի կը յիշատակէ իր 800-ամեակը։ Այս առթիւ Սանդիակոյի արքեպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Ժուլիան Պարրիօ հովուական նամակ մը գրած է բոլոր քահանաներուն սարկաւագներուն եւ հաւատացեալներուն, որուն մէջ կը հրաւիրէ զանոնք փառք մատուցելու Աստուծոյ իր պարգեւած հաւատոյ շնորհքին համար, որպէսզի , հրած է ան, մենք եւս մեր կարգին կարենանք այս հաւատքը փոխանցել ապագայ սերունդներուն։ Եկեղեցին , կը գրէ Պարրիօ Արքեպիկոպոսը , պէտք է բոլորին համար բաց եւ հիւրընկալ տուն մը ըլլայ, ուր բոլորն ալ կարենան ազատօրէն մտնել ու աղօթել եւ կամ լռութեան մէջ խորհրդածել Աստուծոյ խօսքին մասին։ Ան կենսունակ պէտք է ըլլայ այն իմաստով որ ուխտաւորը կարենայ շօշափել քրիտոնէական հասարակաց կեանքի գեղեցկութիւնը։ Եկեղեցին սակայն թանգարան մը չէ։ Ուխտաւորը այնտեղ կը նորոգէ իր հաւատքի դաւանանքը, եթէ Յիսուս Յարութիւն առած չ՛ըլլար այս վայրը անիմաստ եւ տխուր վայր մը կը հանդիսանար։ Իսկ մենք որ քրիտոնեայ հասարակութեան ողջ քարերն ենք, մեր յոյսը կը դնենք իսկական անկիւնաքարին՝ Քրիստոսի վրայ երէկ, այսօր եւ միշտ։Ապա Սանդիակոյի Արքեպիսկոպոսը եզրափակեց իր նամակը փափաք յայտնելով որ <<քրիստոնէական յոյսը որ հաւատքի իմաստ եւ ուժ կու տայ, շարունակէ լուսաւորել Սանդիակօ Տէ Գոմբոսդելլայի Եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.