2011-04-11 12:55:25

Յովհաննէս Պօղոս Բ Երանացման Արարողութեան Նախապատրաստութիւնները։


Յառաջիկայ մայիս մէկին, Հռոմի մէջ տեղի կ՛ունենայ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի Երանացման արարողութիւնը։ Այս առթիւ՝ յառաջիկայ 30 ապրիլէն մինչեւ 2 մայիս 2011, տեղի կ՛ունենան զանազան ձեռնարկներ ։
Շաբաթ՝ 30 ապրիլի երեկոյեան ժամը 9ին, նախատեսուած է աղօթքի հսկումի երեկոյ մը որ տեղի պիտի ունենայ Հռոմի Չիրքօ Մասսիմոյի տարածքին վրայ, ուր Սուրբ Վարդարանի աղօթքը պիտի կատարուի երիտասարդներու, ընտանիքներու, աւետարանացումի, յոյսի եւ խաղաղութեան դիտաւորութիւններով։ Բացօթեայ հսկումէն ետք կարելիութիւնը պիտի տրուի հաւատացեալներուն, հսկումը շարունակելու` մինչեւ արշալոյս, քաղաքի զանազան եկեղեցիներու մէջ։
Կիրակի Մայիս մէկին առաւօտեան ժամը 10ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակը տեղի կ՛ունենայ երանացման արարողութիւնը զոր պիտի նախագահէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կարտինալական դասի մասնակցութեամբ։
Կէսօրէ ետք Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի դամբանը պիտի զետեղուի Սուրբ Պետրոսի Տաճարին մէջ, որպէսզի ուխտաւորները կարելիութիւն ունենան զայն այցելելու։
Երկուշաբթի 2 մայիսին՝ առաւօտեան ժամը 10.30ին Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ՝ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը պիտի գլխաւորէ գոհաբանութեան սուրբ պատարագ մը։
Այս պատմական դէպքի կազմակերպչական ծախսերը, յայտարարած է Կարտինալ Վալլինի, կը հոգան բարեգործական մարմիններ, դրամատուներ եւ Վատիկանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.