2011-04-11 13:14:48

՜՜Հեռու Պահենք Մեր Երիտասարդները Վտանգաւոր Մոլութիւններէ՝՝


Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամին մէջ, Պէյրութի Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ։
Վեհափառը, համաձայն Լիբանանի հայոց թեմի աւանդութեան եւ ընդառաջելով Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Ազգային իշխանութեան հրաւէրին, չորեքշաբթի օրը (միջինքի օրը) նախագահեց Պէյրութի Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ Արեւագալի հանդիսաւոր արարողութեան որուն մասնակցեցան նաեւ միաբան հայրեր ու դպրեվանքի սաները։
Այս առիթով իր տուած հայրապետական պատգամին մէջ վեհափառը անդրադարձաւ լիբանանահայ ու առհասարակ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ազգավնաս, չորս վտանգաւոր մոլութիւններու, որոնք «ներսէն կը կրծեն մեր ժողովուրդը»:

«Եսամոլութիւնը վտանգաւոր մոլութիւն է եւ անհատը ծառան է իր պատկանած հաւաքականութեան», շեշտեց վեհափառը` ընդգծելով, որ անհատը ինքզինք կ՛իրագործէ աշխատելով ի սպաս ազգին, ընկերութեան եւ հաւաքականութեան: Միայն պատասխանատուները տէրը չեն տուեալ կազմակերպութեան մը, այլ` կազմակերպութեան անդամները հաւաքաբար տէրն են տուեալ կազմակերպութեան։

«Երկրորդ մոլութիւնը օտարամոլութիւնն է», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս եւ աւելցուց. «Մենք կը յարգենք օտարները, սակայն միաժամանակ հաւատարիմ կը մնանք մեր ինքնութեան, արմատներուն եւ ազգային արժէքներուն»:

«Երրորդ մոլութիւնը թմրամոլութիւնն է, որ ցաւ ի սիրտ սկսած է թափանցել մեր նոր սերունդի կեանքին մէջ, Լիբանանի թէ սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ», շարունակեց Արամ Ա. կաթողիկոս կոչ ուղղելով Մեծ պահքի այս հոգեպարար առիթով խոստովանելու եւ ինքնահայեցութեամբ ինքզինք սրբագրելու:
«Հոս մեծապէս դերակատար են մեր ծնողները, դպրոցները, կազմակերպութիւնները` հեռու պահելու մեր երիտասարդները նման մոլութիւններէ», շեշտեց վեհափառը` թելադրելով բարձր աստիճանի նախանձախնդրութիւն ցուցաբերել` հեռու մնալու նման վնասակար մոլութիւններէ:

«Չորրորդ մոլութիւնը փառամոլութիւնն է», ընդգծեց Արամ Ա. կաթողիկոս` դիտել տալով, որ մեծ տարբերութիւն կայ փառասիրութեան եւ փառամոլութեան միջեւ: Մէկը առաւելութիւն է, իսկ միւսը` մեղք: «Ոչ մէկ կրօն կ՛ընդունի նման երեւոյթ իր կեանքին մէջ», նշեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
Բնականաբար, մեր կեանքին մէջ կան նաեւ բազմաթիւ դրական երեւոյթներ, Մեզի ուրախութիւն ու հպարտութիւն պատճառող իրագործումներ: Սակայն միայն դրականին չանդրադառնանք, անով միայն չհպարտանանք. այլ, մեր կեանքը աւելի կազմակերպելու ու մեր կառոյցներուն գործը աւելի կենսաւորելու նպատակասլաց մօտեցումով անհրաժեշտ է նաեւ որ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքի ախտաճանաչումը կատարենք, մեր թերութիւնները տեսնենք, որպէսզի կարենանք միասնաբար սրբագրումի ու վերականգնումի ճամբաներ որոնել:
Եկեղեցին, որպէս Քրիստոսի փրկագործական խորհուրդին շարունակութիւնը ստանձնած առաքելութիւն, ՙմարգարէական կոչում՚ ունի՝ զգաստութեան հրաւիրելու իր զաւակները, անհրաժեշտութեան պարագային գնահատելու ու քննադատելու, եւ իր կեանքի օրինակով ցոյց տալու դէպի Քրիստոս առաջնորդող ճշմարիտ ճամբան:
Քրիստոսի գալուստը սպասող Սաղմոսերգուն ըսաւ՝ ՙՈ՜վ Տէր, քու ճամբաներդ ցոյց տուր ինծի՚ (Սաղ. 25, 4): Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ ու ըսաւ ՙես եմ ճամբան՚ (Յովհ. 14, 6): Այո՜ Քրիստոս ի՜նքն է ճամբան, իր անունով մկրտուած մարդոց, ինչպէս նաեւ ողջ մարդկութեան ճշմարիտ ճամբան: Այդ ճամբան փրկութեան ճամբան է: Սակայն չկայ փրկութիւն առանց խոստովանութեան ու ապաշխարութեան: Խոստովանութիւնը Քրիստոսի ներկայութեամբ մեր անձին ու գործին քննութիւնն է. իսկ ապաշխարութիւնը՝ Բեթղեհէմով աշխարհին յայտնուած արժէքներով, սկզբունքներով ու ճշմարտութիւններով մեր կեանքին վերանորոգումն է։
«Մենք կը սիրենք մեր երիտասարդները, սակայն պարտաւոր ենք զգուշացնել զանոնք նման մոլութիւններէ», եւ «մեր ճամբան Քրիստոսի՛ ճամբան է» եզրափակեց Արամ Ա.։








All the contents on this site are copyrighted ©.