2011-04-10 10:57:23

Մարոնիներու Նորընտիր Պատրիարք՝ Պշարա Րաայիի Այցելեցութիւնը Անթիլիասի Մայրավանք. Հանդիպում Արամ Ա Կաթողիկոսին Հետ։


Մարոնիներու նորընտիր պատրիարք՝ Պշարա Ռաայի ընկերակցութեամբ չորս եպիսկոպոսներէ կազմուած շքախումբին, ուրբաթ 8 Ապրիլի՝ կէսօրին, յատուկ այցելութիւն կատարեց Անթիլիասի Մայրավանքն ու կաթողիկոսարանը, իր ընտրութենէն ետք եղբայրական հանդիպում ունենալու՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ: Ռաայի պատրիարք եւ իր շքախումբը, Վեհարանին մէջ դիմաւորուեցան Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ: Ապա, Միաբան Հայրերու եւ Դպրեվանքի սարկաւագաց դասու թափօրով երկու հոգեւոր պետերը առաջնորդուեցան Մայր Տաճար: ՙՈւրախ լեր՚ շարականի երգեցողութեամբ թափօրը յառաջացաւ դէպի Մայր խորան, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք, հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով: Տէրունական Աղօթքի եւ ՙԿիլիկիա՚ Հայրապետական մաղթերգի երգեցողութեամբ իր աւարտին հասաւ կանոնական բաժինը: Ապա, Վեհարանի դահլիճին մէջ, ի ներկայութեան Միաբան Հայրերու, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու անդամներուն ու հայ պետական դէմքերու՝ նախարարներու, երեսփոխաններու, պաշտօնական խօսքեր փոխանակուեցան, որուն ընթացքին շեշտը դրուեցաւ երկու համայնքներու եղբայրական սերտ կապին վրայ։ Ապա Վեհափառը ոսկեզօծ զարդախաչ նուիրեց Ռաայի պատրիարքին, որպէս մնայուն յուշարար խաչապաշտ հայ ժողովուրդի ու հայ եկեղեցւոյ սիրոյն: Հանդիսութեան պաշտօնական բաժնէն ետք, երկու հոգեւոր պետերը իրենց շքախումբերով ուղղուեցան Ապրիլեան Նահատակաց Յուշարձան-Մատուռը, ուր նորընտիր պատրիարքը յատուկ աղօթք բարձրացուց հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ապա, անոնք ուղղուեցան ՙԶարեհեան՚ դամբարան, ուր դարձեալ Վաայի պատրիարքը ՙՀոգւոց՚ արտասանեց Երանաշնորհ Հայրապետներու եւ հոգելոյս Միաբաններու հոգիներու խաղաղութեան համար: Ապա, երկու հոգեւոր պետերը առանձին հանդիպում ունեցան Վեհափառ Հայրապերին գրասենեակին մէջ, որմէ ետք Ռաայի պատրիարք իր շքախումբի անդամներով Վեհարանի սեղանատան մէջ ճաշի հիւրը եղաւ Արան Ա. Կաթողիկոսին:







All the contents on this site are copyrighted ©.