2011-04-09 13:14:43

Արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեանին հարցազրոյցը Զէնիթ լրատուական սպասարկութեան հետ


Հալէպի hայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ` արհիապատիւ Պետրոս արքեպիսկոպոս Միրիաթեան, որ այժմ Հռոմ կը գտնուի անցեալ ուրբաթ 1 ապրիլէն ի վեր, մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի սիւնհոդոսի յետ սիւնհոդոսական աշխատանքներուն, հարցազրոյց մը ունեցած է Զենիթ լրատուական սպասարկութեան հետ, երեքշաբթի 5 ապրիլ 2011-ին։ Առաջնորդ հայրը հարցազրոյցին մէջ կ'անդրադառնայ Սուրիոյ ներկայ իրավիճակին եւ լրատուամիջոցներու կարեւոր դերակատարութեան ճշմարտութիւնը հաղորդելու եւ սփռելու։
Միրիաթեան արքեպիսկոպոսը նշեց թէ որոշ ոտնձգութիւններ տեղի կ'ունենան խանգարելու համար Սուրիոյ ազգային անվտանգութիւնը եւ երկրի կայունութիւնը, սակայն Աստուծոյ նախախնամութեամբ եւ սուրիոյ նոր կառավարութեան բարենորոգումներով կարելի է շրջանցել այս լարուած իրավիճակը, որ կը տիրէ բոլոր տարածաշրջանը։ Ան աւելցուց, որ այս անկայուն կացութիւնը կը սպառնայ նաեւ Սուրիոյ քրիստոնեայ հասարակութեան, աղօթելով որ իրավիճակը բարելաւուի եւ խաղաղութիւն տիրէ յաջորդ ժամանակաշրջանին։
Ան յայտնեց թէ քրիստոնեայ իսլամ երկխօսութիւնը հանդիպման եւ սիրոյ երկխօսութիւն է, որ կը մեկնի միացեալ համակեցութենէն եւ յանձնառու կեցուածքէն Սուրիոյ ընկերութեան մէջ։ Այս շրջագիծին մէջ, սուրիահայութիւնը որ առընչուած է Եկեղեցւոյ, համազգային արմատներուն եւ մշակոյթին հետ, յանձնառու կեցուածք կը ցուցաբերէ Սուրիոյ ընկերութեան ներքեւ, համերաշխութեամբ գործելով արաբ շրջապատին եւ մշակոյթին հետ։ Այս նախանձախնդրութեամբ ստեղծուեցաւ "արաբ-հայ մշակութային յարաբերութեանց յանձնախումբը", ինչպէս որ ակնարկեց առաջնորդ հայրը, համագործակցութեան կամուրջներ կանգնելու համար երկու մշակոյթներուն միջեւ։
Վերջին քաղաքական զարգացումներուն առընչութեամբ, Միրիաթեան գերապայծառը նկատեց թէ Սուրիոյ պարագան իւրայատուկ եւ տարբեր է հիւսիսային ափրիկեան երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումներէն։ ‏
Վերջապէս, ան թելադրեց, որ լրատուամիջոցները հիմնական եւ հզօր դերակատարութիւն ունին արաբական աշխարհի տագնապալի այս ժամանակաշրջանին, թափանցիկ, չէզոք եւ իրապաշտ մօտեցում որդեգրելով։ Այնուհետեւ ան կը զգուշացնէ թէ հրապարակային կարծիքը վճռական ազդեցութիւն ունի ամբողջ կացութեան վրայ, ուստի պէտք է զայն գործածել ճշմարտութիւնը հռչակելու համար ի նպաստ ընդհանուրին բարիքին, չարամիտ գաղափարախօսութիւններուն դէմ








All the contents on this site are copyrighted ©.