2011-04-09 13:14:14

՜՜Յովհաննէս Պօղոս Բ .ի Կենսագրութիւնը՝՝ Վերտառութեամբ Գիրքի Ներկայացում։


Երկուշաբթի 11 ապրիլին տեղի կ՛ունենայ ՜՜Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կենսագրութիւնը՝՝ գիրքին ներկայացումը որուն հեղինակն է Անտրէա Րիգգարտին` հոմնադիրը Սուրբ Էճիտիոս բարեսիրական ընկերակցութեան։
Գիրքի ներկայացման ընթացքին, հեղինակի ներկայութեամբ ելոյթ կ՛ունենան Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչը՝ Կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրին, Տիար Ճիաննի Լէթթա՝ Իտալիոյ Վարչապետութեան ենթաքարտուղարը, Փրոֆ Ժոագին Նավարրօ Վալս՝ Վատիկանի երբեմնի բանբերը, եւ Իտալացի լրագրող՝ տիկին Լուչիա Աննունցիաթան։ Ներկայացումը կը կատարուի Վատիկանի մօտ Իտալիոյ Դեսպանութեան մէջ 11 ապրիլի յետ միջօրէի ժամը 5.30։








All the contents on this site are copyrighted ©.