2011-04-08 12:37:25

Պենետիկտոս ԺԶ.ի Ցաւը Լիպիայէն Փախստականներու Մահուան Ի Լուր


Վատիանի բանբերը՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի յայտարարութեամբ մը յայտնած է Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ցաւը իմանալով միջերկրական ծովուն մէջ մահացած փախստականներուն լուրը։
Նորին Սրբութիւնը ու համայն եկեղեցին - ըսած է Հայր Լոմպարտին- իրենց աղօթքներուն մէջ կը յիշեն բոլոր այն անձերը, առանց նկատի առնելու իրենց քաղաքացիական պատկանելիութիւնը, որոնք իրենց կեանքը կոսնցուցին իրենց երկրի մէջ անարդարութենէ` աղքատութենէ եւ բռնաբարութիւններէ ազատելու միտումով, դէպի կեանքի աւելի լաւ պայմաններու ապրելակերպ մը փնտռելու իրենց կատարած ճամբորդութեան ընթացքին։ Սրբազան Հայրը մտահոգութեամբ կը հետեւի փախստականներու հարցին եւ իր մօտիկութիւնը կը յատնէ անոնց։








All the contents on this site are copyrighted ©.