2011-04-08 12:38:41

Մամլոյ Ասուլիս։ Վատիկանը Պատուոյ Հիւր Սանդօ Տօմինկոյի Մէջ Նախատեսուած Գիրքի Միջազգային Տօնավաճառին։


Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակին մէջ, Ուրբաթ 8 ապրիլին առաւօտեան տեղի ունեցաւ մամլոյ աուլիս մը ներկայացնելու յառաջիկայ մայիս 4-22 Սանդօ Տօմինկոյի մէջ նախատեսուած Գիրքի Միջազգային տօնավաճառին՝ Վատիկանի որպէս պատուոյ հիւր մասնակցութիւնը ։ Մամլոյ ասուլիսին զեկոյց ունեցան Կարտինալ Ճիանֆարնքօ Ռավազին՝ Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդի Նախագահը, Տիար Վիգթոր Մանուէլ Կրիմալտի Չէսբետէս՝ Տոմինիկեան Հանրապետութեան դեսպան Սուրբ Աթոռի մօտ, Հայր Ճիուզեբբէ Գոսթա՝ Վատիկանի գրատան տնօրէնը եւ հայր Միկէլ Անճէլ Րէյէս Արրէկի՝ Քահանայապետական Մշակոյթի խորհուրդի Լատին Ամերիկայի մասնաճիւղի պատասխանատուն։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կը ներկայացուին նաեւ Գիրքի Միջազգային տօնավաճառի հետ կապուած այլ ձեռնարկներ։ Կարտինալ Ռավազին այս առթիւ կը ներկայացնէ <<ոչ հաւատացեալներու գաւիթ>> ծրագիրին գործընթացքը պատասխանելով այս նիւթին շուրջ իրեն ուղղուած հարցումներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.