2011-04-08 12:04:32

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Հայազգի ջութակահարուհիԱնահիտ Ցիցիկեան
Անահիտ Ցիցիկեան եղած է միջազգային ճանաչման արժանացած առաջին հայ ջութակահարուհին։ Մեծ արուեստավարժ մենակատար էր, համերգներով հանդէս եկած է 100 քաղաքներու մէջ, միաժամանակ ան շուրջ 40 տարի հանդիսացած է Հայաստանի Պետական գոնսէրվաթուարի փրօֆ. , նաեւ՝ լրագրող, ու աւելի քան 300 յօդուածներու, ձայնասփիւռի ու հեռուստահաղորդումներու հեղինակ։ Ասոր հետ միասին ան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է գիտական գործունէութեամբ՝ որմէ յիշենք՝ թէ վերականգնած եւ ներկայացուցած է հայկական կատարողական արուեստի համակարգուած պատմութիւնը։ Իր կեանքի վերջին 20 տարիները Անահիտ Ցիցիկեան նուիրած է հայկական երաժշտութեան հնագոյն պատմութեան հիմնական հետազօտութիւններու, հիմնելով հայկական երաժշտագիտութեան նոր ուղղութիւն մը այն է՝ երաժշտական հնագիտութիւնը։
Հայազգի ջութակահարուհին ծնած է 1926-ին Սան Բէթըրզպուք քաղաքը, ծառայողի ընտանիքի մէջ. վեց տարեկանին սկսած է ջութակ նուագել ունեցած է որպէս ուսուցիչ տաղանդաւոր երաժիշտներ Կրիկորի Կինզպուրկը ու Լեւ Ցէյտլինը։ Հայրենական մեծ պատերազմի ընթացքին Հայաստան փոխադրուած է։ Հակառակ որ ան ստիպուած լքած էր Լենինկտրատը 15 տարեկանին, սակայն այդ քաղաքը իր դրոշմը ձգած էր իր ողջ կերպարի ձեւաւորման վրայ. թէ՜ որպէս անձ եւ թէ՜ որպէս երաժիշտ կատարողի նուրբ ճաշակն ու անկեղծութիւնը, խնամքով, հոգատար մօտեցումը դէպի պատմական ժառանգութիւնը, մեղմ, յարգալից վերաբերմունքը ընկերներուն, աշխատակիցներուն ուն ուսանողներուն հետ։ 1946-էն 50 Երեւանի պետական երաժշտանոցի մէջ ուսած է արժանանալով Ստալինեան կրթաթոշակի։ 1954-ին աւարտած է Մոսկուայի պետական երաժշտանոցը։ Համերգային գործունէութեան սկսած էր դպրոցական տարիներուն ունեցած է մենահամերգներ ու նուագած սինֆոնիք նուագախումբի հետ։ 1961-էն Հայաստանի Պետական ֆիլհարմոնիայի մենակատարն էր։ Հրաւիրուած է նաեւ նուագելու Խորհրդային միութեան շատ մը քաղաքներու ու աշխարհի այլ 27 երկիրներու մէջ։ Ունի չորս սկաւառակ Մելոտիա համամիութենական ձայնագրման տան կողմէ։ Հանդէս եկած է աւելի քան հազար համերգներ։ Իր ջութակահարուհիի նուագացանկին մէջ, առանձին տեղ գրաւած էին ժամանակակից հայ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւնները։ Եւ յաճախ ան կը հանդիսանար սոյն ստեղծագործութիւններուն համահեղինակը, խմբագիրն ու առաջին կատարողը։
1950-ին սկսած է դասաւանդել Երեւանի Պետական երաժշտանոցին մէջ, հիմնած ու դասաւանդած 3 նոր նիւթեր. Աղեղային արուեստի պատմութիւնը, Հայկական կատարողական արուեստի պատմութիւնը եւ մանկավարժական փորձուսում։ Եղած է հիմնադիրը աղեղնային կատարողական արուեստին, գործիքագիտութեան և երաժշտական հնագիտութեան։
Բազմաթիւ անգամներ մասնակցած է միջազգային երաժշտագիտական գիտաժողովներու։ Հայազգի ջութակահարուհին նաեւ կը տիրապետէր 5 լեզուներու կը դասախօսէր անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն լեզուներով։ Անդամ էր շարք մը տեղական և միջազգային կազմակերպութիւններու. Հայաստանի երաժշտահաններու Միութեան, Խորհրդային Միութեան երաժշտական ֆոնտին, Հայաստանի թատերական գործիչներու ընկերութեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան, Խորհրդային Միութեան կանանց կոմիտէին,Արտասահմանի հետ կապերու հայկական կոմիտէին, Խորհրդային Միութեան Գիտութեան Ակադեմիայի “Համաշխարհային մշակոյթի պատմութեան” խորհուրդին, ու “Երաժշտական հնագիտութիւն” միջազգային գիտական ընկերակցութեան (“World Archaeology”)։ 1967-ին արժանացած էր Խորհրդային Միութեան Հայկական վաստակաւոր արուեստագիտուհի տիտղոսին, 1970-ին արուեստագիտութեան թեկնածու էր իսկ 1982-ին փրօֆէսսէօր։ Վախճանած է 2 Մայիս 1999-ին Երեւանի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.