2011-04-07 12:02:40

Ըստ «ԱՅՐԻՇ ՍԵՆԹՐԸԼ» Կայքէջին Սամանթա Փաուըր Կրնայ Միացեալ Նահանգներու Յաջորդ Արտաքին Գործոց Նախարարը Դառնալ ։


Ամերիկեան «Այրիշ Սենթրըլ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի օգնական Սամանթա Փաուըրի մասին հրապարակուած գովասանական յօդուածը բազմապատկած է այն լուրերը, թէ ան կրնայ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ արտաքին գործոց նախարարը կամ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը դառնալ:
Փաուըր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ եղած է Լիպիոյ նկատմամբ քաղաքականութեան ճարտարապետը եւ Սպիտակ Տան մէջ հեղինակութիւն կը վայելէ: Կը նշուի, որ նախագահ Օպամայի նախագահական նստաշրջանի առաջին ժամկէտի աւարտէն ետք, երբ Քլինթըն հեռանայ, Փաուըր կը դառնայ արտաքին գործոց նախարարի իսկական թեկնածու, եթէ Օպամա երկրորդ անգամ ընտրուի: «Սպիտակ Տան մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան հարցերուն մէջ անոր ձայնը լսելի է», «Նիւ Եորք Թայմզ»ին ըսած է «Հիումըն Ռայց Ուոչ» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Քեննեթ Ռոթ` աւելցնելով. «Ան Օպամայի վրայ ազդեցութիւն ունի»:
Սամանթա Փաուըր 2002-ին «Փուլիցըր» մրցանակին տիրացած էր Ցեղասպանութիւններու մասին գրի առած իր «Խնդիր դժոխքէն» գիրքին համար, որուն մէջ կը դիտարկուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան արձագանգը Ցեղասպանութեան նկատմամբ: Գիրքին մէջ ան համոզում կը յայտնէ, որ Հայերու, Հրեաներու, Քամպոճիոյ եւ Ռուանտայի Ցեղասպանութիւնները տեղի ունեցած են, որովհետեւ պետական իշխանութիւնները աչք փակած են, իսկ առանձին անձեր որոշած են չմիջամտել: «Ամէնէն տարածուած պատասխանը` «մենք չենք գիտեր»ն է, ինչ որ ճիշդ չէ», կը գրէ Սամանթա Փաուըր:








All the contents on this site are copyrighted ©.