2011-04-07 12:30:53

՜՜Յովհաննէս Պօղոս Բ. Եղաւ 20-րդ Դարու Խաղաղութեան Արդար Պաշտպանը՝՝ Ըսաւ Կարտինալ Վալլինին։


Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի ՜՜Աստուծոյ հանդէպ Հաւատքը՝ Կեանքի կեդրոնն էր՝՝ այսպէս արտայայտուեցաւ Հռոմի Տեղապահ Եպիսկոպոսը՝ Կարտինալ Վալլինին, իր ելոյթին Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, ընդգծելով որ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ ի ՜՜Աստուծոյ հանդէպ անսահման Հաւատքը՝ Հզօր, անվախ, եւ մինչեւ վերջին շունչ, վկայուած հաւատք մըն է։ Մարդոց հանդէպ սիրով լի Հաւատք մը, մանաւանդ տկարներուն, մանուկներուն, հիւանդներուն ու ընկերութենէ մերժուածներուն հանդէպ։
Յովհաննէս Պօղոս Բ, յարեց կարտինալը, մարդու արժանապատուոթեան քաջ պաշտպանը հանդիսացած է, ու պէտք եղած ժամանակ ձայնը բարձրացուցած։ Թէեւ շատ անգամ ան կարողացած է խօսիլ նաեւ իր լռութեամբը։
Նոյնիսկ մահամերձ վիճակին մէջ , ՅՊԲ կարողացաւ ցոյց րալ մարդու արժէքի մեծութիւնը ու մեզի սորվեցուց մեռնիլ ու նաեւ ապրիլ։ Ան եղաւ 20րդ դարու ՜՜խաղաղութեան արդար պաշտպանը։՝՝








All the contents on this site are copyrighted ©.