2011-04-06 13:08:42

Քոնկոյի Մէջ ՄԱԿ-Ի Ջախջախուած Օդանաւին Օդաչուն Հայ Է։


Այս օրերուն յստակացաւ Քոնկոյի մէջ արկածի ենթարկուած ՄԱԿ-ի առաքելութիւն իրականացնող օդանաւին զոհերէն քանի մը հատին ինքնութիւնը: «Ռուսթաւի-2» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, օդանաւին հրամանատարը Վրաստանի քաղաքացի ` ազգութեամբ հայ Ալեքսէյ Յովհաննիսեան է :
«Էրզենա-Ճորճիըն էրուէյզ» ընկերութեան պատկանող օդանաւը ջախջախուած է Քինշազայի օդակայանին վերեւ եւ անձնակազմին 4 անդամները եւ 29 ուղեւորները զոհուած են: ՄԱԿ-ի տուեալներով, կարելի եղած է մէկ ուղեւոր փրկել:
Իբրեւ ողբերգութեան նախնական պատճառ կը նշուին կլիմայական վատ պայմանները: Օդանաւը վայրէջքի պահուն քանի մը մասի բաժնուած է:
Քոնկոյի մէջ ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը մեծագոյնն է աշխարհին մէջ եւ ունի 21 հազար աշխատակիցներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.