Նախագահ Սարգսեանի Հանդիպումը՝Սերպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիքարքին Հետ ։
Պաշտօնական այցելութեամբ Սերպիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում
ունեցաւ Սերպիոյ Իրինէյ Պատրիարքին հետ: Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ,
որ հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուեցան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Սերպ Ուղղափառ
եկեղեցւոյ միջեւ ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւնները: Նախագահ Սարգսեան յատկանշական
նկատեց այն փաստը, որ Քոսովոյի մէջ գտնուող հայկական խաղաղապահ գումարտակը իր լիազօրութիւններուն
ծիրին մէջ կատարած է առաւելագոյնը` պաշտպանելով Քոսովոյի մէջ գտնուող Սերպ եկեղեցիները: Հայաստանի
նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սերպիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Ան ծաղիկներ
զետեղեց մայրաքաղաքի Ս. Գաբրիէլ Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ կից` 1988-ի երկրաշարժի օրերուն
Հայաստանի մէջ զոհուած սերպ օդաչուներու յիշատակը յաւերժացնող հայկական Խաչքարին վրայ
եւ զրուցեց օդաչուներու հարազատներուն հետ: «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, որ Խորհրդային
Միութեան փլուզումէն ի վեր օգտուած է իր ինքնորոշման իրաւունքէն, ապագայ չի կրնար ունենալ
Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Իրեն պարտադրուած դաժան պատերազմին մէջ ան պաշտպանեց իր հայրենիքը
եւ անկարելի է Ղարաբաղին ստիպել իր անկախութենէն հրաժարիլ», յայտարարեց նաեւ Հայաստանի
նախագահ Սերժ Սարգսեան Սերպիա կատարած այցելութեան ծիրին մէջ , լրատուամիջոցներուն հետ
հանդիպման ընթացքին:
Ան փոխանցեց, որ նոյն օրը Սերպիոյ նախագահ Պորիս Թատիչի հետ
հանդիպման ընթացքին սերպ իր գործընկերոջ խնդրանքով ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի
լուծման ներկայ հանգրուանին մանրամասնութիւնները:
«Մենք համաձայնեցանք, որ խնդիրին
խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի եւ ուժի կիրարկումը եւ անոր սպառնալիքը անընդունելի
են միջազգային իրաւունքին տեսակէտէն: Պարոն նախագահը նոյն մօտեցումը ցուցաբերեց Քոսովոյի
խնդիրին հետ կապուած` ըսելով, որ Սերպիա երբեք չի ճանչնար Քոսովոյի անկախութիւնը, բայց
միեւնոյն ժամանակ զերծ պիտի մնայ որեւէ զինուորական գործողութիւններ կատարելէ», յայտնեց
նախագահ Սերժ Սարգսեան: