2011-04-06 13:03:58

Թրքական Մամուլը Կ՛անդրադառնայ Արժանթինի Դատարանի Արձակած Վճիռին։


Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական մամուլը իրերայաջորդ երկրորդ օրն ըլլալով անդրադարձած է Արժանթինի դատարաններէն մէկուն արձակած այն վճիռին, որ 1915-1923-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ բնակչութեան նկատմամբ կատարուածներն ու բռնի տեղահանութիւնը Ցեղասպանութիւն կ՛որակէր:
Թրքական մամուլը դիտել տուած է, որ առաջին անգամն է, որ դատարան մը վճիռ կ՛արձակէ այն մասին, թէ այդ ցեղասպանութեան հեղինակներուն դէմ կարելի է դատական հետապնդում կատարել համաշխարհային չափանիշով:
Թրքական մամուլը նաեւ նշած է, որ դատարանին արձակած վճիռը պատժական որեւէ տրամադրութիւն չունի Թուրքիոյ նկատմամբ, սակայն յայտնի է, որ հայկական կազմակերպութիւնները այսուհետեւ միջազգային հրապարակներու վրայ եւ դատարաններու մէջ իբրեւ փաստ պիտի գործածեն արժանթինեան դատարանին կողմէ արձակուած այս վճիռը:








All the contents on this site are copyrighted ©.