2011-04-06 13:15:40

Ազրպէյճանի Մօտ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը Մտահոգ Պաքու կայացած Բողոքի Ցոյցի Ճնշումի Առնչութեամբ


Ազրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, թէ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը մտահոգ է երկրի ընդդիմադիր խումբերուն կողմէ Պաքուի կեդրոնին մէջ 2 ապրիլին խաղաղ բողոքի ցոյց կատարելու փորձերը կանխարգիլելու ուղղութեամբ Ազրպէյճանի կառավարութեան առած քայլերուն, ինչպէս նաեւ նախքան նախատեսուած ցոյցի ընդդիմութեան ներկայացուցիչները ձերբակալելու առնչութեամբ:
Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած են յարգելու երկրին սահմանադրութիւնը , ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւանց վերաբերեալ միջազգային համաձայնագիրները , որոնց շարքին` ԵԱՀԿ-ի պարտաւորութիւններով ամրագրուած մարդկային իրաւունքները, հաւաքներու ազատութիւնը եւ խօսքի ազատութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը նաեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է ձերբակալուած ընդդիմադիրներուն համար կազմակերպելու բաց եւ թափանցիկ դատավարութիւններ եւ անոնց ապահովելով համապատասխան իրաւաբանական խորհրդատուութիւն` «օրէնքի տառին համաձայն»:
Ազրպէյճանի ոստիկանութեան տուեալներով` 2 ապրիլի ցոյցին ընթացքին 75 հոգի ձերբակալուած են : Ընդդիմութեան ղեկավարները կը պնդեն, որ ձերբակալուածներուն թիւը կը հասնի 200-ի:








All the contents on this site are copyrighted ©.