2011-04-05 12:29:17

ֆրանսական Յեղափոխութեան Զոհ Քահանայ Մը Երանելի Պիտի Հռչակուի։


Քահանայ Պիեռ Ատրեան Թուլորժ գլխատուած է 1793-ին մերժած ըլլալով հաւատարմութեան երդում կատարել երկրի կղերի քաղաքացիական սահմանադրութեան։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունելով կարտինալ Ամաթօ` կառավարիչը սուրբերու դատին տնօրինած է երանացումը եւ սրբադասումը 13 Աստուծոյ ծառաներուն։
Սպանական քաղաքացիական պատերազմի հաւատքի զոհ ճանչցուած են. քահանայ ֆրանչէսքօ Լաքալ` նահատակուած 1936-ի նոյեմբեր ամսոյն մէջ իր 21 ընկերներու եւ աշխարհականի մը Գանտիտօ Սան Խոսէի հետ, Եկեղեցին անոնց նահատակութիւնը ճանչնալով երանելի կը հռչակէ զանոնք։
Նոյնպէս ֆրանսացի քահանայ Թուլորժը Եկեղեցիէն ճանչցուած է որպէս հաւատքի նահատակ։ ֆրանսական յեղափոխութեան զոհ, ան մերժած էր հաւատարմութեան երդում կատարել երկրի կղերի քաղաքացիական սահմանադրութեան։ Այդ օրէնքով յեղափոխականները կը մտադրէին Եկեղեցին ենթարկել քաղաքացիական իշխանութեան։ Վերջերս Եկեղեցին տնօրինած էր երանացումը կրօնաւորուհի Մարկերիթ Ռիւդանի, որ նոյնպէս նահատակուեցաւ յեղափոխականներու կողմէ 1794ին։ Երանացման ծիսակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 19 յունիսին ֆրանսայի Տաքս թեմին մէջ։
Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը ճանչցած է հերոսական առաքինութիւնները Աստուծոյ 6 ծառաներուն, որոնց կարգին Գերմանիոյ Ռադիսպոն թեմի անչափահաս Պերնհարտ Լեհնէրը (1931-1944), որ ծանր հիւանդութենէ ետք մահացած էր 14 տարեկանին։
Ինչպէս նաեւ գանատացի կրօնաւոր Ատոլֆ Շաթիլոն (1871-1929) որ անդամ էր ''քրիստոնեայ դպրոցներու'' միաբանութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.