2011-04-05 12:56:44

Նախագահ Սարգիսեանի Պելկրատ Այցելութիւնը։


Սերպիոյ նախագահ Պորիս Թատիչի հրաւէրով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Սերպիա:
Հանրապետութեան նախագահին դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Սերպիոյ նախագահներուն դռնփակ հանդիպումը, ապա` երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով հանդիպումը:
Բանակցութիւններուն յաջորդեց փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը: Մասնաւորաբար ստորագրուեցան երկու միջ-կառավարական համաձայնագիրներ` «Օդային հաղորդակցութիւններու մասին» եւ «Դիւանագիտական եւ ծառայողական-պաշտօնական անձնագիրներ կրող անձերու մուտքի արտօնագիրի պահանջի վերացման մասին», ինչպէս նաեւ «2011-2013 թուականներուն մշակոյթի մարզին մէջ համագործակցութեան մասին» գործնական ծրագիրը` Հայաստանի եւ Սերպիոյ մշակոյթի նախարարութիւններուն միջեւ:
Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Պորիս Թատիչ լրատուամիջոցներու հետ հանդիպման ընթացքին ներկայացուցին բանակցութիւններու արդիւնքները: Նախագահներ Սարգսեան եւ Թատիչ ընդգծեցին, որ Հայաստանի եւ Սերպիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական երկխօսութիւնը եւ առեւտրական-տնտեսական ու քաղաքական մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը զարգանալու լուրջ ներուժ ունին:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ իր սերպ գործընկերոջ խնդրանքով ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման ներկայ հանգրուանին մանրամասնութիւնները: Նախագահները համաձայնեցան, որ խնդիրին խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի եւ ուժի կիրարկումն ու անոր սպառնալիքը անընդունելի են միջազգային իրաւունքի տեսակէտէն:
Պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Սերպիոյ վարչապետ Միրքօ Ցվեթքովիչի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Սլավիցա Ճուքիչ Տեյանովիչի հետ: Վարչապետ Միրքօ Ցվեթքովիչի հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-սերպական տնտեսական համագործակցութիւնը զարգացնելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները ընդլայնելու կարելիութիւններուն.







All the contents on this site are copyrighted ©.