2011-04-05 12:33:24

Միջկրօնական Երկխօսութիւնը Ամենարդիւնաբեր Ուղին Է Խաղաղութեան Ու Հասարակաց Բարիքին։


Կարտինալ Թոռան նախագահը Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին, Վեզախի տօնին առթիւ պատգամ մը յղած է պուտտայականներուն ընդգծելով ՜՜անհրաժեշտութիւնը՝՝ կրօնական ազատութեան յարգանքին, որպէս միջոց արգելք հանդիսանալու աշխարհականացումին ու կրօնական բոլոր այն ծայռայեղութիւններուն որոնք հակառակ են հոգեւոր արժէքներու։
Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալը, իր պատգամին մէջ կ'ընդգծէ անհրաժեշտութիւնը կրօնական ազատութեան։ Ներկայ աշխարհին մէջ, կը գրէ կարտինալը, հոգեւոր արժէքները անտեսուած են ու հակառակ` ճշմարիտ ազատութեան ու հոգեւոր արժէքներուն։ Երկխօսութիւնը զանազան կրօններու հաւատացեալներուն հետ, յոյժ կարեւոր է եւ կարեւոր միջոց մը համագործակցելու հասարակաց բարիքին համար։
Հոն ուր՝ կրօնական ազատութիւնը իրապէս ճանչցուած է, մարդու արժանաւորութիւնը եւս յարգուած է, կ'եզրափակէ կարտինալ Թոռան իր պատգամը ։
Նշենք թէ Վեզախի տօնը կը վերակոչէ Պուտտայի կեանքի կարեւոր հանգրուանները։ Ամէն տարի կը յիշատակուի լուսնային Զ. ամսուայ լիալուսինին, ուր հաւատացեալները աղօթք ու պար կը կատարեն տաճարներու շուրջ։ Այս տարի Վիզախը պիտի յիշատակուի մայիս ամսոյն կիսուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.