2011-04-05 12:59:05

Մեթիու Պրայզա Կը Յիշեցնէ ։ «Ազրպէյճանի Օդանաւերը Նախիջեւան Կ՛երթան Հայաստանի Տարածքով » .


«Ուրախ եմ, որ Ազրպէյճան փոխած է իր դիրքորոշումը եւ կը ջանայ պաշտպանել իր իրաւունքները քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութեան մէջ»,այսպէս արտայայտուեցաւ երէկ լրագրողներուն Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Մեթիու Պրայզա:
Պատասխանելով Ստեփանակերտի օդակայանի բացման մասին հարցումներուն` Պրայզա նշեց, որ ինք չի փափաքիր որոշակի մեկնաբանութիւններ կատարել, եւ աւելի ճիշդ է, որ Մինսքի Խմբակի համանախագահները ժամանեն շրջան եւ իրենց դիրքը յայտնեն: «Ես կրնամ ըսել, որ օդանաւերը Ազրպէյճանէն Նախիջեւան կը թռչին Հայաստանի օդային տարածքով եւ ատիկա ընդունելի կը նկատուի», ըսաւ Պրայզա:
Ազրպէյճանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան պետական աշխատակազմի տնօրէն Արիֆ Մամետով յայտարարած էր, որ Ազրպէյճան պիտի ոչնչացնէ Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ վայրէջք կատարող օդանաւերը: Արիֆ Մամետով յայտարարած էր, որ ազրպէյճանական կողմը արդէն իսկ բողոքած է քաղաքացիական օդանաւորդութեան  միջազգային կազմակերպութեան: «Մենք յայտնեցինք, որ մեր օդային տարածքը Ղարաբաղի վերեւ փակ է: Ըստ «Քաղաքացիական օդանաւորդութեան մասին» օրէնքին, կը նախատեսուի ֆիզիքապէս ոչնչացնել այդ տարածքին մէջ վայրէջք կատարող օդանաւերը», յայտարարած էր Մամետով:







All the contents on this site are copyrighted ©.