2011-04-05 13:01:01

Ճեմալ Փաշայի Թոռնիկը Թուրք Ծանօթ Լրագրող Հասան Ճէմալ Օգտագործած՝ ՝՝ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ՝՝ Եզրը։


Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն Ճեմալ Փաշայի թոռնիկը, թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի յայտնի լրագրող Հասան Ճեմալ 31 մարտին Լոս Անճելըսի մէջ մասնակցած է հայկական սփիւռքի կազմակերպած «Տէր Զօրէն մինչեւ Ծիծեռնակաբերդ» խորհրդաժողովին:
Հասան Ճեմալ այդ խորհրդաժողովին մասին «Միլլիյէթ»ի մէջ գրելով յայտնած է, որ խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ինք քանի մը անգամ օգտագործած է Ցեղասպանութիւն եզրը, որուն պատճառով մասնակիցներէն մէկը հարց տուած է թէ ՝՝չի՞ վախնար այդ բառը արտասանելէ՝՝: «Ես անոր ցոյց տուի խորհրդաժողովի պրոշիւրը, որուն վրայ իմ նկարս կար` 3 տարի առաջ Երեւանի մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ մեխակներ դնելու պահուն », գրած է իր յօդուածին մէջ Հասան Ճեմալ:







All the contents on this site are copyrighted ©.