2011-04-04 07:39:16

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Իտալացի Կրօնաւորուհիէ Մը Խնդրած Է Պատրաստել 2011-ի Ճանապարհ Խաչի Խորհրդածութիւնները։


Սրբազան Քահանայապետը առաջին անգամուան համար, խնդրած է կրօնաւորուհիէ մը՝ Օգոստինեան իգական միաբանութեան մեծաւորուհի՝ մայր Մարիա Ռիթա Բիչիոնէէն, պատրաստել խորհրդածութիւնները 2011ի ճանապարհ Խաչին, որ Սրբազան քահանայապետի գլխաւորութեամբ տեղի պիտի ունենայ Աւագ Ուրբաթ օրը Հռոմի ՜՜Գօլօսէում՝՝ երկհազարամեայ ամփիթատրոնին մէջ։
Անցեալին եղած են կիներ որոնք յօրինած են ճանապարհ խաչի խորհրդածութիւնները։ 1993ին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապերտը, խնդրած էր Պենետիկտեան իգական միաբանութեան մեծաւորուհիէն պատրաստել խորհրդածութիւնները։ Աւելի ուշ երկու տարի ետք 1995ին լիւտերանական կրօնաւորուհի՝ զուիցերացի Մինսք տէ Վրիէսէն։ Իսկ 2002ին Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած լրգրող- լրագրոյուհիներ խորհրդածութիւնները պատրաստած էին։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 2006ին`խորհրդածութեններու պատրաստութիւնը յանձնած էր գերապայծառ Գոմասդրիին` ընդհանուր տեղապահը վատիկանի պետութեան։ 2007ին գերապայծառ Ռավազիին` կառավարիչը Միլանոյի Ամբրոզեան մատենադարանին։ 2008ին Հոնգոնկի կարտինալին։ 2009ին Հնդկաստանի Կուահաթի թեմի առաջնորդին, իսկիսկ 2010ին կարտինալ Ռուինիին երբեմնի տեղապահը Հռոմի թեմին։








All the contents on this site are copyrighted ©.