Երկուշաբթի 4 ապրիլ 2011ի առաւօտեան ժամը 11ին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ յաջորդաբար
ընդունեց Գերմանիոյ Գէօլն Թեմի Արքեպիսկոպոսը՝ Կարտինալ Եօաքիմ Մէյզնէր, ապա Էսսէնի
Եպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ ֆրանզ-Ժոզէֆ Օվէրպէք, հուսկ նորին սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ
Վատիկանի Պետական Քարտուղար գլրապայծառ Գարլօ Մարիա Վիկանոյի հետ։ Ժամը 12ին Սրբազան
Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Հնդկաստանի Ասորի Մալապար եկեղեցւոյ վեց եպիսկոպոսներու
որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի
յաջորդին։