2011-04-04 13:01:17

Շահպազ Պհաթթի՝ Երկխօսութեան Եւ Համակեցութեան Համար Նուիրուած Կեանք Մը։
Սանդ Էճիտիօ կազմակերպութեան համաժողով ։


Յառաջիկայ ապրիլ 5ին Հռոմի մէջ Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան նախաձեռնութեամբ տեղի կ՛ունենայ համաժողով մը <<Շահպազ Պհաթթի՝ երկխօսութեան եւ համակեցութեան Համար նուիրուած կեանք մը>> նիւթին մասին։ Համաժողովը կը նախագահէ Մարգօ Իմբալիացցոն նախագահը Սանդ Էճիտիօ Հասարակութեան։ Նախատեսուած են զանազան ելոյթներ որոնց շարքին նաեւ Իտալիոյ Արտգործ Նախարար ֆրանգօ ֆրաթթինիի ելոյթը, Շահպազ Պհաթիի եղբօր` Փօլ Պհաթիի եւ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի օրաթերթի տնօրէն՝ Մարգօ Թարգուինոյի ելոյթը ինչպէս նաեւ Սաիտ Մուհամմատ Ապտուլ խապիր Ազատ` Լահորի մահմետական կրօնապետին ելոյթը։ Երեկոյեան ժամը 8ին Հռոմի Սուրբ Բարթողոմիոս Պազիլիքայի մէջ տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան աղօթք ու Շահպազ Պհաթթիի պատկանող Աստուածաշունչի յանձնումի արարողութիւնը։ Նշենք թէ Սուրբ Բարթողոմիոս Պազիլիքան ունի Քսաներորդ դարու Նահատակներու նուիրուած մատուռ մը ուր զետեղուած են նահատակներու պատկանող զանազան իրեր ինչպէս նաեւ Երանելի Իքնատիոս Մալոյանի ձեռագիր նամակը։
5 ապրիլի արարողութեան ընթացքին այդ մատրան խորանին վրայ պիտի զետեղուի նաեւ 21րդ դարու իր կրօնքի համար սպաննուած նահատակ` Փաքիստանի փոքրամասնութիւններու Նախարար Շահպազ Պհաթթիի`Աստուածաշունչը։








All the contents on this site are copyrighted ©.