Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Արժանթինեան Դատարանը Պատմական Դատավճիռ Մը Արձակեց։
Արժանթինեան դատարաններէն մէկը անցեալ ուրբաթ օր Ցեղասպանութիւն որակած է 1915-1923-ին
Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ բնակչութեան նկատմամբ կատարուածներն ու բռնի տեղահանութիւնը: Դատաւոր
Նորպերթօ Օժարպիտէ շատ յստակ ու մանրամասն բանաձեւուած դատավճիռի մը մէջ յայտարարած է.
«Թրքական պետութիւնը 1915-1923 թուականներուն Ցեղասպանութեան յանցանք գործած է հայ ժողովուրդին
նկատմամբ»:
ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ դատավճիռը
կայացած է աւելի քան տասը տարի առաջ սկիզբ առած դատական գործով մը, որուն նախաձեռնողը
նոտար Կրեկորիօ Հայրապետեանն է: Իրագործելով ճշմարտութիւնը իմանալու իր իրաւունքը` ան
դիմած էր Արժանթինի արդարադատութեան` պահանջելով տեղեկութիւններ հաղորդել Հայոց Ցեղասպանութեան
զոհ դարձած իր ծնողներուն եւ ազգականներուն ճակատագիրին մասին: Դատավճիռին մէջ կ՛ըսուի,
որ «իբրեւ եզրափակում բնոյթով յայտարարական սոյն որոշումին` անհրաժեշտ է յիշատակել Արժանթինի
թիւ 26.199 օրէնքը, զոր երկրին օրէնսդիր իշխանութիւնը քուէարկեց 13 դեկտեմբեր 2006-ին
եւ ուժի մէջ մտաւ 11 յունուար 2007-ին: Ըստ այդ օրէնքին, ապրիլի 24-ը յայտարարուած
է Հանդուրժողականութեան եւ ժողովուրդներուն միջեւ փոխադարձ յարգանքի օր` ի յիշատակ Հայոց
Ցեղասպանութեան»: