2011-04-04 16:38:17

Դասախօսութիւններ Հայ Եկեղեցւոյ Մասին Պէյրութի Համալսարններուն Մէջ


Երկուշաբթի, 4 ապրիլ 2011, երեկոյեան ժամը 5-ին Սուրբ Հոգի համալսարանին մէջ, Քասլիք, տեղի պիտի ունենայ դասախօսական երեկոյթ մը որուն ընթացքին գերյարգելի Հ. Անդրանիկ Ծ Վրդ Կռանեան պիտի բանախօսէ ՜՜Հայ եկեղեցւոյ հայրապետները եւ Ծէսը՝՝ նիւթին մասին։
Իսկ Երեքշաբթի 5 Ապրիլի՝ երեկոյեան ժամը 7-ին, (միշտ Պէյրութի մէջ) Սուրբ Յովսէփի անուան համալսարանին մէջ, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին պիտի բանախօսեն, Տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան որ պիտի տայ եկեղեցական ակնարկ մը Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութեան մասին իսկ պարոն Կրէկուար Գալուստ պիտի տայ աշխարհական ակնարկ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.