2011-04-04 16:38:33

«Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանի Յանձնում՝ Չորս ՀՕՄուհիներու


ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Վերջերս Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի շրջանային վարչութեան կազմակերպած իւրայատուկ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին շրջանի մէջ ծանօթ չորս ՀՕՄուհիներուն յանձնուեցաւ իրենց մեծարման համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի շնորհած «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը: Արժանաւոր ՀՕՄուհիներ են. Քնար Մանճիկեան, Անահիտ Մէյմարեան, Ռիթա Որբերեան եւ Հայկոյշ Քոհլըր: Ներկաները ողջունեց ՀՕՄի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեանը, որ իբրեւ «գոհար»ներ ներկայացուց պարգեւատրեալ չորս ընկերուհիները:
«Անոնք կը պատկանին այն անձնուրաց սերունդին, որոնք ամբողջ կեանք մը տուին իրենց փայփայած կազմակերպութեան եւ անոր ընդմէջէն համայն հայութեան, անսահման ժամեր նուիրելով իրենց անսպառ գրիչով, նիւթական եւ մանաւանդ բարոյական զոհողութեամբ», ըսաւ ատենապետուհին:
Ապա, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան շքանշաններու յանձնումը կատարեց պարգեւատրեալ չորս ընկերուհիներուն, որոնք երկարաշունչ ծափողջոյններով ընդունուեցան ներկաներուն կողմէ: Այնուհետեւ, առաջնորդ հայրը փոխանցեց իր օրնութիւններն ու շնորհաւորանքները պարգեւատրեալներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.