2011-04-03 09:40:05

ՀԱՅԱԶԳԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ.


Նիկոլ Աղբալեան (1875-1947). Հայ ժողովուրդի մեծութիւններու համաստեղութեան մէջ լուսաւորիչ աստղ մըն է Նիկոլ Աղբալեան, որուն ծննդեան տարեդարձը տօնեցինք Մարտ 24-ին։
Բազմաշնորհ ու մեծատաղանդ մտաւորական, ազգային-քաղաքական եւ հասարակական-մշակութային յանձնառու գործիչ, հաւատաւոր եւ անձնուէր դաշնակցական եւ այս բոլորով ու ամէն բանէ վեր՝ իրա՛ւ ՄԱՐԴ էր Աղբալեան, որ հայ ժողովուրդի ճակատագրին հետ նոյնացած իր կեանքը աւարտեց իբրեւ մեծ մանկավարժ եւ հանրային դաստիարակ՝ անկորնչելի իր աւանդը դնելով Համազգայինի Հայ Ճեմարանին (հետագային ՝՝Նշան Փալանճեան՝՝, իսկ այժմ ՝՝Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան՝՝ ) կերտումին մէջ։
Աղբալեանի թեւաւոր խօսքերուն կը պատկանի ՝՝Ճեմարանը մի տաճար է, ուր կաղօթեն հայ մշակոյթի սուրբերուն՝՝ բանաձեւը, որ միաժամանակ լաւագոյնս կը խտացնէ բնութագիրը Աղբալեան Մեծ Հայուն, որուն անձը, կեանքն ու վաստակը անլռելի աղօթք մը եղան ի պահպանութիւն եւ օրհնութիւն հայ մտքի ու արուեստի սրբութիւններուն։ Միաժամանակ Հայկական Ազատամարտի գաղափարական եւ բարոյական արժէքներուն անկրկնելի մեկնաբանն ու քարոզիչը եղաւ Աղբալեան։
Ծնած Թիֆլիս 1875ի Մարտ 24ին, Աղբալեան համեստ ընտանիքի զաւակ էր։ Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանը եւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը աւարտելէ ետք, նուիրուեցաւ ուսուցչութեան եւ գրական-քննադատական յօդուածներով կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ ատենի թիֆլիսեան հեղինակաւոր ՝՝Մուրճ՝՝ ամսագրին՝ անմիջապէս ուշադրութիւն գրաւելով եւ հռչակի արժանանալով։ Հակառակ նիւթական իր անձուկ պայմաններուն, ամէն ճիգ թափեց եւ յաջողեցաւ բարձրագոյն ուսման դասընթացքներու հետեւիլ Մոսկուայի, Փարիզի եւ Լօզանի համալսարաններուն մէջ։ Երիտասարդ տարիքէն Աղբալեան միացաւ Դաշնակցութեան եւ իր ամբողջ կեանքն ու հասարակական գործունէութիւնը կապեց իր պաշտած կուսակցութեան, որուն ազգային-քաղաքական, գաղափարական եւ բարոյական աւանդներու ստեղծման մէջ անզուգական ներդրում ունեցաւ։
Ինչպէս որ 1920ականներու սկիզբը Գահիրէ գրուած ինքնակենսագրական իր հակիրճ տողերուն մէջ ի՛նք կը խոստովանի, Աղբալեան գնաց հոն եւ գործեց այն բնագաւառին մէջ, ուր Դաշնակցութիւնը պէտք ունեցաւ իր անձնդիր ծառայութեան։ Իր կեանքի վերջին 25ամեակին, Պէյրութի մէջ հիմնադրուած Ճեմարանի տնօրէնութեան ամբողջապէս նուիրուելով եւ, զուգահեռաբար, մտաւորական իր աշխատասիրութեանց թափ տալով՝ հայ ժողովուրդին կտակեց գրական ու գաղափարական մեծարժէք ժառանգութիւն մը։
Հայաստանի անկախացումով՝ Աղբալեան պատգամաւոր ընտրուեցաւ յաջորդաբար Հայաստանի Խորհուրդին եւ Հայաստանի Խորհրդարանին։ Յատկապէս պատմական նշանակութեամբ մեծ ներդրում ունեցաւ Աղբալեան, 1919-1920 թուականներուն, Հայաստանը թաթարներէ մաքրելու հայացման գործին մէջ, Ռուբէնի հետ միասին։ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան մէջ ստանձնելով Լուսաւորութեան նախարարի պատասխանատուութիւնը, Աղբալեան հիմը դրաւ Երեւանի Պետական Համալսարանին, ինչպէս եւ ստանձնեց հովանաւորութիւնը Չարենցի օրինակով այլախոհ գրողներու եւ մտաւորականներու, ի սպաս հայ մշակոյթի եւ արուեստի պետական ծաղկումին։
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Աղբալեան իր կարգին, Փետրուար 9-ին, ձերբակալուեցաւ եւ բանտ նետուեցաւ պոլշեւիկներու կողմէ, որոնց գործադրած չարչարանքներէն եւ հաւատաքննչական խժդուժութիւններէն փրկուեցաւ միայն Փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութեան շնորհիւ, երբ ըմբոստացած ժողովուրդը խուժեց բանտերը եւ պոլշեւիկեան կապանքներէն ազատ արձակեց իր պաշտած հերոսներն ու մտաւորական հեղինակութիւնները։
Ապստամբութեան ընկրկումէն ետք եւ Հանրապետութեան դաշնակցական ղեկավարութեան երկրէն հեռացումին հետ՝ Աղբալեան անցաւ Ատրպատական, ուրկէ կարճ ժամանակ անց մեկնեցաւ Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս։ Մինչեւ 1928 մանկավարժական գործունէութիւն ծաւալեց Եգիպտոսի մէջ, ուր Լեւոն Շանթի հետ ՝՝ Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազային Միութիւն՝՝ ը հիմնելով՝ երկուքով անցան Պէյրութ՝ Լիբանան եւ 1930ին հիմնեցին Համազայինի ՝՝ Հայ Ճեմարանը՝՝ ։
Մինչեւ 15 Օգոստոս 1947-ի իր մահը, Լեւոն Շանթի կողքին անխոնջ կանգնելով՝ Աղբալեան ծաւալեց ե՛ւ մանկավարժական, ե՛ւ գրական-քննադատական եռուն գործունէութիւն։ Դասաւանդեց Հայ Գրականութեան Պատմութիւն եւ Գրաբար։ Նաեւ Ժողովրդային Լսարաններ կազմակերպեց, որպէսզի տարագիր ու գաղթական հայութեան լայն բազմութիւններուն փոխանցէ հայ մշակոյթի եւ արուեստի պաշտամունքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.