2011-04-02 11:44:57

Փաքիստանի Եպիսկոպոսներու Նամակը


Կաթողիկէ Շահպազ Պհաթթիի` Փաքիստանի փոքրամասնութեան Նախարարի սպանութենէն մէկ ամիս ետք` Փաքիստանի Եպիսկոպոսները հովուական նամակ մը ուղղած են իրենց հաւատացեալներուն որ եկեղեցիներուն մէջ պիտի կարդացուի ի տես քրիստոնաներու դէմ պատահած արարքներուն։ Նամակին մէջ եպիսկոպոսները կը քաջալերեն հաւատացեալները հակառակ բոլոր չարչարանքաներուն եւ դժուարութիւններուն չկորսնցնելու յոյսը եւ հաստատ մնալու իրենց հաւատքին մէջ օրինակ ունենալով առաջին քրիստոնեաները։ Այս նամակը կը կանխէ ապրիլի կէսին Իսլամապատի մէջ տեղի ունենալիք Շահպազ Պհադդիի քառասունքի արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.