2011-04-02 11:44:50

Ուկրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ Նորընտիր Գահէրեցը Վատիկան Կ'այցելէ, Եւ Քահանայապետին Առջեւ Կ'ընդգծէ Իր Եկեղեցւոյ Կատարեալ Հաղորդութիւնը Հռոմի Եկեղեցւոյ Հետ։


Ուկրանիոյ յոյն կաթողիկէ նորընտիր գահէրեց՝ 40-ամեայ Շեվուխ եպիսկոպոսը Վատիկան այցելեց իր երախտագիտութիւնը յայտնելու Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին իր անձին հանդէպ ցուցաբերած վստահութեան համար ու միաժամանակ վերահաստատելու իր եկեղեցւոյ կատարեալ եւ տեսանելի միութիւնը Հռոմի Աթոռին հետ։
Գերապայծառը մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց թէ՝ հանդիպումին հրաւիրեց Սրբազան Քահանայապետը այցելելու Ուկրանիան նշելով որ իր եկեղեցին եւ Ուկրանիոյ կաթողիկէ հաւատացեալները կը սպասեն Սրբազան Հօր այցելութիւնը։ Նշենք թէ Ուկրանիոյ յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ կղերը շատ երիտասարդ է, միջին հաշիւը 35 տարեկան է։
Ան մաղթանք յայտնեց համագործակցելու ռուս օրթոտոքս եկեղեցւոյ հետ լաւագոյնս պաշտպանելու եւ քարոզելու քրիստոնէական աւանդական արժէքները Եւրոպայի ներկայ մշակոյթին մէջ։ Մեր երկու եկեղեցիները` կաթողիկէ եւ օրթոտոքս, պէտք է որ անհատական կապեր հաստատեն վար առնելու համար պատնէշներն ու նախապաշարումները։








All the contents on this site are copyrighted ©.