2011-04-02 11:44:43

Ոչ եւս է Կարտինալ Վարքէյ Վիթհայաթիլը


Ասորի Մալանպար եկեղեցապետ 83 ամեայ Կարտինալ Վարքէյ Վիթհայաթիլը երէկ ապրիլ 1ին իր հոգին աւանդեց Տէլհիի մէջ։ Ողբացեալը ծնած էր 1927ին։
Աւարտելէ ետք փիլիսոփայական եւ Աստուածաբանական ուսումները կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի 1954-ին եւ հռոմ կը մեկնի մասնագիտութեան համար։ Ապա կը վերադառնայ իր ծննդավայրը ու Պանկալորի Փրկչի Նորնծայարանի մէջ եկեղեցական կանոնագիտութիւն կը դասաւանդէ 25 տարիներու ընթացքին։ 1990-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ զինք կը նշանակէ Պանկալորի Պենեդիկտեաններու Վանքի առաքելական կառավարիչ, ու 1996-ին կը ստանձնէ Էմաքուլամ Անկամալիի արքեպիսկոպոսութեան առաքելական կառավարիչի պաշտօնը։ 2001ի փետրուարին Յովհաննէս Պօղոս Բ իրեն կը շնորհէ Կարտինալական աստիճանը։ 2008-էն մինչեւ իր մահը, ան եղաւ նախագահը Հնդկաստանի Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասին։
Կարտինալ Վարքէյ Վիթհայաթիլի մահուան առթիւ, Նորին Սրբութիւնը հեռագիր մը յղած որուն մէջ իր ցաւը կ՝արտայայտէ իմանալով՝ կարտինալին մահուան տխուր լուրը ու նաեւ իր աղօթքի միութիւնը ու մօտիկութիւնը կը յայտնէ Ասորի Մալանպար եկեղեցւոյ հանդէպ։

Նշենք թէ Ասորի Մալապար հնդկաստանի եկեղեցին կը հաշուէ 3.8 միլիոն հաւատացեալ։ Կարտինալ Վարքէյ Վիթհայաթիլի մահով կարտինալական դասը կը հաշուէ 200 անդամ որոնցմէ 116ը ընտրող կարտինալներ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.