2011-04-01 11:39:02

Վերոնայի թեմի պատուիրակութիւնը այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան


Հինգշաբթի, 31 մարտ 2011, առաւօտեան ժամը 9-ին, Վերոնայի թեմէն մեծ պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ճուզեբբէ Ծենդի եպիսկոպոսի այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը, ուր հանդիպում ունեցաւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հետ։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին թեմի ընդհանուր փոխանորդ մոնսինիոր Մարիօ Մասինա եւ 29 թեմական քահանաներ։
Հանդիպման ընթացքին ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անդրադառձաւ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ գործունէութեան մասին: Այնուհետեւ քննարկուեցաւ պատուիրակութեան այցելութիւնը Լիբանան, աւելի ծանօթանալու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.