2011-04-01 10:55:14

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Այսօր Ուրբաթ 1 Ապրիլ 2011, առաւօտեան ժամը 9ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը <<Փրկչին Մայր>> մատրան մէջ մասնակցեցաւ Մեծ Պահքի երկրորդ խորհրդածութեան զոր կատարեց Հայր Րանիէրօ Գանդալամեսսան` Քահանայապետական Տան քարոզիչը։Այսօրուան մտածականի նիւթն էր Կողոսացիներու թուղթէն առնուած հետեւեալ հատուածը <<Ամէն բանէ վեր, սիրով լեցուեցէք. սէրը կատարելութեան զօդն է >> ։ Խորհրդածութիւնը կեդրոնացաւ այն խոչնդոտներուն որոնց կը հանդիպի աւետարանացումը արդի աշխարհի մէջ ու մանաւանդ <<սիրոյ աշխարհականացումի>> նիւթը ։
Ժամը 11-ին Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչ Կարտինալ Ուիլիամ Նեվատան` եւ իրեն ընկերացող երկու եպիսկոպոսներ։ Ապա նորին սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Հնդկաստանի Ասորի Մալապար կարգ մը եպիսկոպոսներուն եկած իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու սուրբ Պետրոսի յաջորդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.