2011-04-01 11:13:35

Հռոմի Հայ համայնքի Խորհուրդի Մալոյեան Մշակութային Կեդրոնին Մէջ
՜՜ Հայերէն-իտալերէն՝՝ Բառարանին Ներկայացումը


Ուրբաթ 25 Մարտ 2011-ի երեկոյեան, Հռոմի Հայ համայնքի Խորհուրդի Մալոյեան Մշակութային կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ ներկայացումը ՜՜ Հայերէն-իտալերէն՝՝ բառարանին , լոյս տեսած Երեւանի Հեղինակային հրատարակութենէն 2010-ին։
380 էջնոց բառարանի հեղինակն է Տիկ. Կարինէ Մկրտչեան։
Բառարանին մէջ տեղ գտած են 16. 500 բառեր եւ դարձուածքներ, ու նաեւ հայկական անունները ու անոնց նշանակութիւնները հայերէն տառերու հին անունները եւ թուական նշանակութիւնները։ Մաշտոցի Այբուբէնը եւ իտալերէն այբուբէնը, ։
Ուշագրաւ է նաեւ հին հայկական օրացոյցը (սրբազան անշարժ տոմարը) ու տեղեկութիւններ տարուան օրերուն ու ամիսներուն մասին։
Երեկոյթին՝ ներկայ էին մեծ թիւով հայեր եւ իտալացի բարեկամներ։
Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի անունով ներկաներու ողջոյնի խօսք ուղղեց Տիկ. Սոնա Նիւրփէթլեան, ու նաեւ ներկայացուց հեղինակը, վեր առաւ անոր տարած աշխատանքը հայապահպանման ի խնդիր ու նուիրումը հայրենիքէն ժամանած հայորդիներուն համար։ Ապա Տիկին Կարինէ Մկրտչեան խօսեցաւ հատորին՝ (բառարանին) ստեղծման հանգրուաններուն մասին ու նաեւ դժուարութիւններուն որոնց հանդիպած է, եւ կարգ մը տեղեկութիւններ տուաւ անոր պարունակութեան մասին։
Տիկ Մկրտիչեան ծնած է Պաքու բարձրագոյն ուսումները ստացած է Երեւանի բոլիթեքնիքայի հիմնարկին մէջ իսկ տեղեկատուական ուսմանց մասնագիտութիւնը կատարած է Լէոբոլիի համալսարանին մէջ։ 2000 թուականէն ի վեր կը գտնուի Հռոմ, անդամ է Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդին ու ՜՜Զարթօնք՝՝ Տիկնանց յանձնախումբին նաեւ՝ հայերէնի դասատու Մալոյեան կեդրոնին մէջ։
Բառարանին Ներածականին մէջ, Տիկին Կարինէ գրած է.
՜՜ Ի սկզբանէ միտքն էր..., բայց միտքն էլ ծագեց անհրաժեշտութիւնից՝՝։
Տիկին Մկրտչեան 2000-ին Հռոմ ժամանած է եւ զարմացած՝ չգտնելով ոչ մէկ հնարաւորութիւն Հայրենիքէն ժամանած հայախօսներուն' իտալերէն սորվելու, ՜՜արեւելահայերէն- իտալերէն՝՝ բառարանի մը չգոյութեան պատճառով։
՜՜Եւ անհրաժեշտութենէն յառաջ եկաւ միտքը սկիզբ տալու բառարանի մը պատրաստութեան գործին՝՝ կ՝ըսէ ան։
Ձեռքին տակ ունէր Մխիթարեան միաբանութեան հայրերէն՝ բարեյիշատակ Նիկողայոս Քէհէեանի արեւմտահայերէն-իտալերէն փոքրածաւալ բառարանը (1983-ին լոյս տեսած) ու նաեւ Հայր Վահան վրդ. Օհանեանի՝ այժմու Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդի պատրաստած՝ երկհատոր բառարանները (1996-ին հրատարակուած) ասոնք ՜՜ինձ համար մեծ օգնություն եղան սույն բառարանն ստեղծելու գործում՝՝ գրած է տիկ. Մկրտչեան, իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելով բառարանի տպագրութեան օժանդակողներուն՝ Տէր Միշէլ Աւագ Սրկ. Ժանժէին որ Վատիկանի Ձայնասփիւռի հայկական բաժնի տնօրէնն է եւ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի նախագահը, եւ Գերյ. Հ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քելեկեանին՝ Հռոմի Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւորին որ այժմ կը պաշտօնավարէ Մայր Հայրենիքի մէջ։
Ներկայացման երեկոյթին եւս Տիկին Կարինէ իր շնորհակալութեան զգացումները արտայայտեց բոլոր անոնց որոնք նեցուկ կանգնեցան հատորին լոյս ընծայման գործին մէջ, ու նաեւ Հ Հ դեսպանութեան որու շնորհիւ բառարանները Հռոմ հասան։
Տիկ. Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի անդամներուն որոնք երեկոյթը կազմակերպեցին ու նաեւ ներկաներուն։
Հ Հ Դեսպան Տիար Ռուբէն Կարապետեանի անունով խօսք առաւ Պրն Պորիս Սահակեան եւ գնահատանեց տարուած աշխատանքը, քաջալերելով որ Տիկին Մկրտիչեան ամբողջացնէ այս գործը պատրաստելով (Իտալերէնէ-արեւելահայերէն բաժինը)։
Այս առթիւ նաեւ պատրաստուած էր կոկիկ հիւրասիրութիւն մը հայկական գինիներով (Հայրենիքէն հասած յատկապէս այս առիթին համար) ։
Ներկաները ըմբոշխնեցին հայկական գինիներն ու համադամները, միեւնոյն ժամանակ հեղինակը մակագրեց հատորները...








All the contents on this site are copyrighted ©.