2011-04-01 11:13:27

Էմնիսդի Ինդերնէյշընըլ՝ Մարդու Իրաւունքերու Պաշտպանութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Վիճակագրութիւնը Մահապատիժի Մասին ։


Էմնիսդի Ինդերնէյշընըլի ունեցած տուեալներուն համաձայն, աւելի 527 անձեր ենթարկուեցան մահապատիժի, աշխարհի 23 երկիրներու մէջ, առանց հաշուելու գործադրուած մահապատիժները Չինաստանի եւ Իրանի մէջ, ուր կացութիւնը իրապէս ողբալի է ։ Էմնիսդիի գնահատումով Իրանի մէջ 2011 տարւոյն յունուար ամսոյն մէջ աւելի քան 120 հոգի մահապատիժի ենթարկուեցան ։ Չինաստանի համար մահապատիժը պետական գաղտնիք մըն է ուստի հնարաւոր չէ գիտնալ թիւը ու պատճառը մահապատիժներուն։ Չինաստանի մահապատիժներու թիւը կը գերազանցէ համայն աշխարհի մէջ տեղի ունեցող մահապատիժները։
Մարդու իրաւունքներու միջազգայյին կազմակերպութեան տուուեալներուն համաձայն մահապատիժներու թիւը աշխարհի մէջ նահանջ արձանագրած է 2009ին։ 2010 տարւոյն ընթացքին թիւը 714- էն իջած է 527ի։
58 երկիրներէն որոնց օրէնսդրութիւնը կը ճանչնայ մահապատիժը, միայն 23ը 2010ին գործադրած է զայն։ Չինաստանը, Իրանը, Սէուտական Արաբիան, Օմանը ու Եէմէնը կը շարունակեն մահապատիժներ վճռել ու գործադրել։ 2010ին Կապոնի հանրապետութիւնը ջնջեց մահապատիժը, դառնալով այսպէս 139րդ երկիրը որ հրաժարած է այդ անողորմ ու տմարդի պատիժէն։ Եւրոպայի մէջ Պիելառուսիան միակ երկիրն է որ տակաւին այդ պատիժին կը դիմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.