2011-03-31 14:02:52

Վեց Տարի Առաջ Աշխարհը Կ'ապրէր Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի Վերջին Ժամերը։ Ան Վախճանեցաւ 2 Ապրիլ 2005ին։


2005ի մարտի աւարտին աշխարհը ականատես եղաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հոգեվարքին։ Ի լուր անոր առողջութեան վատթարացումին հաւատացեալները ս. Պետրոս հրապարակաը գրաւեցին, տիւ եւ գիշեր աղօթ արտասանելով անոր սենեակի պատուհանին տակ։ 2 ապրիլ երեկոյեան` Յովհաննէս Պօղոս Բ-իր սենեակին մէջ վախճանեցաւ։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մէկ մայիսին` հաւատացեալներու անհամար զանգուածին առջեւ երանացման պատարագը պիտի մատուցանէ ս, Պետրոսի հրապարակին վրայ։
Կարտինալ Ամաթօ` կառավարիչը սուրբերու դատին իտալական ԱՆՍԱ գործակալութեան հարցումներուն պատասխանելով հաստատեց թէ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի սրբադասումի դատը արաքնըթաց եւ ըստ կանոնի յառաջ կ'երթայ։ Ան յայտնեց թէ Գարոլ Ոլթիլայի բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքները բազամթիւ են։ Եկեղեցւոյ կանոնագիրքին համաձայն երանացումէն յետոյ բաւարար է մէկ շնորհք մը սրբադասումին համար։ Կարտինալը յիշեցուց թէ Լեհ Քահանայապետը եղած է մրցանիշերու Քահանայապետ։ Ան երանացման մրցանիշը շահած է քանի Կալկաթայի մայր Թերեզայէն նուազ ժամանակ դրաւ երանելի ըլլալու։ Կալկաթայի մայր Թերեզայի երանացումը կատարուեցաւ անոր վախճանէն 6 տարի, մէկ ամիս եւ 15 օր ետք։ Իր երկարամեայ քահանայապետութեան ընթացքին Յովհաննէս Պօղոս Բ այլ մրցանիշ մը նուաճած էր հռչակելով 1300 երանելիներ եւ աւելի քան 480 նոր սուրբեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.