2011-03-31 13:56:05

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Այսօր հինգշաբթի 31 մարտ 2011։Առաւօտեան ժամը 11ին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Ուկրանիոյ նորընտիր Աւագ Արքեպիսկոպոս`Գերապայծառ Սվիաթոզլաու Շեւչուք ։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Լատին Ամերիկայի Եպիսկոպոսկան խորհուրդի Նախագահին ու խորհուրդի անդամներուն։
Յուսկ ժամը 11.30 Քահանայապետը ընդունեց Գերմանիոյ եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի Նախագահ Գերապայծառ Ռօպէր Զոլլիթչը։
Իսկ ժամը 11.45 ունկնդրութիւն շնորհեց Հնդկաստանի Ասորի Մալանպար չորս եպիսկոպոսներու` որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Անոնց ուղղած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ Հնդկաստանի քրիստոնեաները կարող են սատարել աւելի ազդուօրէն ընկերութեան բարրօրութեան ու բարիքին, եթէ ապրին վճառակամօրէն Աւետարանը։ Ապա Սրբազան հայրը իր զօրակցութիւնը յայտնեց փոքրաթիւ ժողովրդապետութիւններուն, որոնք կարող են հաստատել եղբայրական մթնոլորտ մը իրենց շրջապատէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ քրիստոնէութիւնը Հնդկաստանի մէջ իր յատուկ նպաստը բերած է երկրի մշակոյթին ու ընկերութեան, ինչպէս հոգեւոր ու կրօնական արտայայտութեան։ Աղօթքս է որ Հնդկաստանի քրիստոնեաները շարունակեն բարգաւաճիլ քարոզելով Աստուծոյ խօսքը ու ապրիլ սիրոյ Աւետարանը։ Նշենք թէ Հնդկաստանը ունի 159 թեմեր, որոնք կը պատկանին երեք համայնքներու` լատին, ասորի մալապար եւ ասորի մալանքար։ Ասորի մալանքար համայնքը ամենէն հինն է քանի ծնունդ առած է քրիստոնէութեան արշալոյսին։ Անոնցմէ մէկ մասը սփիուռքի մէջ կ'ապրին` ԱՄՆի, Գանատայի ու Եւրոպայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.