2011-03-31 14:03:10

Հռոմի Թեմը Աւելի Քան 300 Հազար Ուխտաւորներ Կը Սպասէ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի Երանացման Արարողութեան։։


Յովհաննէս Պօղոս Բ երանացման համար Հռոմի թեմը աւելի քան 300 հազար ուխտաւոր կը սպասէ, յայտարարած է ուխտագնացութեան հռոմէական գրասենեակը ։ Երանացման արարողութիւնը կը նախատեսէ մէկ օր առաջ աղօթքի հսկում` Չիրքօ Մասիմօ կոչուած վայրը եւ ապա երանացման օրը` մէկ մայիս, որ պիտի հանդիսապետէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։ Արարողութիւններուն հետեւելու համար նախատեսուած են հսկայ պաստարներ։ Կազմակերպիչներու գնահատումով ուխտաւորներու մեծ մասը պիտի գայ Իտալիյաէն, Լեհաստանէն, ԱՄՆէն եւ Սպանիայէն։
Վատիկանը իր կարգին նախատեսած է լրագրողներուն շնորհել յատուկ արտօնութիւն մը` ապրիլ 27էն 5 մայիս, մօտէն հետեւելու եղելութիւններուն։ Լրագրողները պիտի կարենան հետեւիլ ոչ միային երանացման արարողութեան այլ եւ աղօթքի հսկումին ու 2 մայիսի պատարագին, որ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը պիտի մատուցանէ ս. Պետրոս հրապարակի վրայ, ինչպէս նաեւ մասնակցելու Սրբազան Քահանայապետի 27 ապրիլի եւ 4 մայիսի չորեքշաբթի օրերու ընդհանուր ունկունդրութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.