2011-03-31 14:16:10

2012-ին Երեւանը Գիրքի Համաշխարհային Մայրաքաղաքը։


Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանը նորերս ընդունեց Ժընեւի Գիրքի միջազգային ցուցահանդէսի պատուիրակութիւնը։ Ապրիլ 28-էն մինչեւ Մայիս 3-ը Ժընեւի Գիրքի միջազգային ՝՝ցուցահանդէս - վաճառքին՝՝ Երեւանը պիտի ներկայացուի որպէս 2012 թուականի Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք։ Կարեւոր նկատելով ՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ Երեւանը 2012 թուականին Գիրքի մայրաքաղաք յայտարարելու որոշումը,քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանը նշեց, որ այս առիթը լաւագոյնս կ՝օգտագործուի Գիրքը քարոզելու համար, յատկապէս նկատի առնելով, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց զարգացման զուգահեռ, տպագիր Գիրքի դերը գրեթէ դուրս կը մղուի առօրեայէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.