Սրբազան Քահանայապետի Կոչը Փղոսկրեայ Ափունքի Ի Նպաստ
Չորեքշաբթի օրուայ ունկնդրութեան խորհրդածութենէն ետք Նորին Սրբութիւնը յատուկ կոչ մը
ուղղեց Փղոսկրեայ Ափունքի (Côte d’Ivoire) մէջ պատահած քաղաքական եւ ընկերային ծանր
տագնապին ի տես, յայտնելով իր մօտիկութիւնը Փղոսկրեայ Ափունքի բնակիչներուն ու յատկապէս
անոնց որոնք ենթակայ են բռնութիւններու եւ չարչարանքներու ։ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց
քաղաքական եւ ընկերային գործիչները որ ժամ մը առաջ դիմեն երկխօսութեան, իրենց մտքի
մէջ ունենալով հասարակաց բարիքը։ Ապա նորին սրբութիւնը յայտարարեց թէ որոշած է այնտեղ
ուղարկել Քահանայապետական Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն Խորհուրդի Նախագահ՝ Կարտինալ Փիդէր
Գոտվօ Թուրքսոնը, յայտնելու ի մօտիկութիւնը ու սատարելու նպատակով հաշտութեան ճանապարհի
կերտումին։