Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ ընդունեց սուրիական կառավարութեան հրաժարականը, մինչ
տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ նախագահին զօրակցող ցոյց մը կատարեցին` սպասելով երէկ
նախատեսուած իր ճառին, սակայն հետագային յայտարարուեցաւ, որ նախագահ Պաշշար Ասատ իր ճառը
պիտի արտասանէ այսօր` խորհրդարանին մէջ: Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը
հաղորդեց, որ նախագահ Ասատ ընդունած է կառավարութեան հրաժարականը` աւելցնելով, որ վարչապետ
Նաժի Օթարի պիտի կազմէ նոր կառավարութիւնը։