2011-03-30 14:57:31

Աւելի Քան 60 Եկեղեցիներ Մօտ Ապագային Պիտի Կառուցուին Մոսկուայի ՄԷջ։ Յայտարարած է քաղաքապետը Կիւրեղ Ա պատրիարքին հետ ունեցած ելոյթէն ետք։


Պատրիարքը իր խնդակցութիւնը յայտնած է այս աննախընթաց նախաձեռնութեան համար, մատնանշելով թէ մայրաքաղաքին մէջ կայ եկեղեցի մը ամէն 25 հազար բնակիչին համար, մինչ Ռուսիոյ այլ քաղաքներու մէջ, միջին հաշուով ամէն 10 հազար բնակիչ եկեղեցի մը ունի։
80 տարուայ Սովետական վարչակարգի աստուածամերժութենէ ետք, ներկայիս Մոսկուայի մէջ կան 350 օրթոտոքս եկեղեցիներ 5 անգամ նուազ քան 1917ի պոլշվիքական յեղափոխութենէն առաջ։ Ռուս օրթոտոքս Եկեղեցին պիտի երաշխաւորէ ծախսերը նոր եկեղեցիներու կառուցումին, որոնք կարող պիտի ըլլան ընդունիլ 100-էն 500 հաւատացեալներ։ Մահմետականները իրենց կարգին մայրաքաղաքի քաղաքապետութենէն խնդրեցին արտօնութիւնը՝ մզկիթ շինելու ։ Մոսկուայի մահմետականները 1,5 միլիոն են, 13 միլիոն բնակչութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.